image

Ո՞ւր պիտի ըլլայ ԱՄՆ-ի Երուսաղէմի դեսպանատան շէնքը. Ուաշինկթըն գնած է հիւրանոց մը

Ո՞ւր պիտի ըլլայ ԱՄՆ-ի  Երուսաղէմի դեսպանատան շէնքը. Ուաշինկթըն գնած է հիւրանոց մը

Պաղեստինեան լրատուական կեդրոնը յայտնած է, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը Երուսաղէմի մէջ հիւրանոց մը գնած է, որպէս նախապատրաստական քայլ Իսրայէլի մօտ իր դեսպանատունն այնտեղ տեղափոխելու:

Ըստ աղբիւրին, հիւրանոցը Երուսաղէմի հարաւ-արեւելեան շրջանին մէջ կը գտնուի, եւ այնտեղ կը գործէ իսրայէլեան անձնագրային վարչութիւնը:

Իսրայէլեան երկրորդ հեռուստակայանին հաւաստմամբ, օրերս Թրամբի անձնական ներկայացուցիչի գլխաւորութեամբ ամերիկեան պատուիրակութիւն մը այցելած է Երուսաղէմ, դեսպանատան տեղափոխման գործընթացը վերահսկելու համար:

Իսրայէլեան հեռուստակայանին փոխանցմամբ, ԱՄՆ դեսպանատունը ժամանակաւոր կերպով պիտի գործէ նշեալ հիւրանոցին մէջ, մինչեւ դեսպանատան համար նախատեսուած տարածքի պատրաստումը: