image

Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի մէջ ռազմավարական պարտութիւն կրեց. Ամերիկացի սպայ

Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի մէջ ռազմավարական պարտութիւն  կրեց. Ամերիկացի սպայ

Ամերիկեան «National Interest» ամսագիրին մէջ լոյս տեսած է հանգստեան կոչուած ամերիկացի սպայ Դանիէլ Տիւիսի յօդուածը, ուր վերջինս կարծիք յայտնած է, թէ ԱՄՆ Միջին Արեւելքի մէջ ռազմավարական պարտութիւն կը կրէ, ու դէպքերը ոչ ցանկալի ուղղութեամբ կ'ընթանան:

ԱՄՆ Ազգային անվտանգութեան հարցերու մասնագէտը նշած է, որ ներկայիս միջազգային հանրութեան հայեացքն ուղղուած է Հիւսիսային Քորէայի ճգնաժամին, անուշադրութեան մատնելով բոլոր միւս խնդիրները:

Յօդուածագիրը մտահոգութիւն յայտնած է, որ Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի կայացուցած որոշումները կրնան ռազմավարական պարտութիւն բերել վերջինիս, միաժամանակ շեշտելով, որ ամերիկեան ուժերը նշեալ երկիրներուն մէջ պահելը ոչ մէկ շահ պիտի բերէ ԱՄՆ-ին, այլ պիտի աւելցնէ ատելութիւնն անոր նկատմամբ:

Հետեւաբար, ըստ յօդուածագիրին, լաւագոյն տարբերակը այն է, որ ԱՄՆ վերջ դնէ Միջին Արեւելքի մէջ երկու տասնամեակներ շարունակուած ռազմավարական պարտութիւններուն եւ դադրեցնէ իր ռազմական գործողութիւններն այդ շրջաններուն մէջ: