Վերջին 4 տարուան ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Թայիպ Էրտողանը յամառօրէն կը տապալէ իր մրցակիցները եւ կը մտերմանայ Մոսկուայի հետ՝ իր դաշնակիցներուն շռայլելով կառավարական պայմանագրեր եւ զօրքեր տեղակայելով այնտեղ, ուր յարմար կը գտնէ գրած է Քարլոթա Կալը New York Times-ի իր յօդուածին մէջ:
«Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը, որ չորեքշաբթի պիտի հանդիպի նախագահ Ճօ Պայտընին, աւելի յարձակողական ոճով պատասխանած է նոր կարգին՝ բացայայտ ճնշելով որեւէ ներքաղաքական ընդդիմութիւն եւ սպառնալով Արեւմուտքի անվտանգութեան՝ զօրքեր կեդրոնացնելով Ուքրանիոյ հետ սահմանին:
Սակայն Էրտողանի համար այդքան ալ հեշտ չէ: Շնորհիւ «Քորոնա» ժահրի եւ անարդիւնաւէտ կառավարման՝ ան այժմ բախած է լուրջ ներքին լարուածութեան, գնաճի եւ գործազրկութեան աճի, թուլացած լիրայի հետ, որ կրնայ սադրել պարտքային ճգնաժամ:
Այդ պատճառով ան սկսած է մեղմել իր դիրքերը շարք մը հարցերով»,-նշած է հեղինակը:
Սակայն հեղինակը նաեւ նշած է, որ «Էրտողանը մի քանի կարեւոր խաղաթուղթ ունի»՝ ՆԱԹՕ-ի մէջ Թուրքիոյ ներկայութիւնը, միլիոնաւոր փախստականներ եւ Աֆղանստանի մէջ ռազմական ներկայութիւնը:
«Նախագահ ընտրուելէն ետք Պայտըն խօսած է Էրտողանի հետ ընդամէնը մէկ անգամ, որպէսզի յայտնի, որ ԱՄՆ-ն ճանչցած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ցեղասպանութիւնը:
Աւելի վաղ այս ամիս Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը յայտարարած է, որ Թուրքիան կը մնար Աֆղանստանի մէջ, եթէ դաշնակիցները քաղաքական, ֆինանսական եւ նիւթատեխնիկական աջակցութիւն ցուցաբերէին: Թալիպանը Էրտողանին ազդեցութեան յաւելեալ լծակներ տուած է:
Լիպիոյ հարցով, ուր Թուրքիան իր միջամտութեամբ շատերուն զայրացուց, եւս մէկ շրջան հնարաւոր է համաձայնութեան գալ: Թուրքիան յաջողութեամբ կանխեց Ռուսաստանի կողմէ աջակցուող յարձակումը Թրիփոլիի վրայ»,-աւելցուցած է Քարլոթան: