ԱՄՆ- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Միացեալ Նահանգները Թուրքիոյ մէջ ապրող իր քաղաքացիներուն զգուշացուցած է «լուրջ» ահաբեկչական սպառնալիքներէ, յատկապէս զբօսաշրջութեան կեդրոններ հանդիսացող շրջաններուն մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ Անգարայի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը իր կայքէջին վրայ զգուշացում մը տեղադրած է, ուր կ'ըսուի, որ «Ուաշինկթըն շարունակաբար զեկոյցներ կը ստանայ այն մասին, որ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը ձգտին յարձակումներ իրականացնել Թուրքիոյ զբօսաշրջիկական վայրերուն վրայ»:
Աղբիւրի համաձայն, դեսպանութիւնը այս առումով կոչ ըրած է իր քաղաքացիներուն՝ «զգուշանալ մարդաշատ վայրեր եւ յայտնի զբօսաշրջային տեղեր այցելելէ»: