image
Հրատապ լուրեր:

Որո՞նք պիտի ըլլան Լիբանանեան նոր դահլիճի նախարարները

Որո՞նք պիտի ըլլան Լիբանանեան նոր դահլիճի նախարարները

Լիբանանի վարչապեր Սաատ Հարիրի աւարտած է կառավարութեան կազմի վերաբերեալ քննարկումներն ու լծուած անուններ որոշելու գործին:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, նախարարական աթոռներն ըստ քաղաքական հոսանքներու տեղաբաշխման գաղտնի նախագիծը բացայայտուած է, որուն համաձայն՝

- «Ամալ» շարժում – 3 նախարար՝ Ելեւմուտի, Ընկերային հարցերու, Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան

- «Հըզպալլա» - 3 նախարար՝ Արդարադատութեան, Գիւղատնտեսութեան, Պետական նախագծման

- «Ալ Մուսթաքպալ» - 5 նախարար՝ Ներքին գործոց, Կապի, Լրատուութեան, Տնտեսութեան, Պետական հարցերու

- «Ազատ ազգայիններու հոսանք» - 6 նախարար՝ վարչապետի տեղակալ, Արտաքին գործոց, Ուժանիւթի, Զբօսաշրջութեան, Պաշտպանութեան, Պետական հարցերու

- «Ընկերվարական կուսակցութիւն» - 3 նախարար՝ Աշխատանքի, Երթեւեկութեան, Արտագաղթի

- «Ալ Մարտա» խմբաւորում եւ Ֆայսալ Քարամի – 1 նախարար՝ Կրթութեան եւ գիտութեան

- «Ալ Քաթայէպ» - 1 նախարար՝ Պետական հարցերու

- Երկրի նախագահին յատկացուած բաժինը – 5 նախարար՝ Մշակոյթի, Արդիւնաբերութեան, Փտածութեան դէմ պայքարի, Վարչական զարգացման, Պետական հարցերու: Պայմանաւ, որ երկրի նախագահին յատկացուած կազմին մէջ մէկ սիւննի եւ մէկ տուրզի նախարար ընդգրկուած ըլլայ: