image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ Եւս Է Կարպիս Ուղուրլուեան

Ոչ Եւս Է Կարպիս Ուղուրլուեան

Երէկ, Պոլսոյ մէջ  իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է Պոլսահայ համայնքի ե­րէց սերունդին պատկանող, մեծ սէր ու յար­գանք վայելող դէմ­քե­րէն՝ Կար­պիս Ու­ղուր­լուեանը։ Այս մասին վերահասու կը դառնանք Պոլսոյ «Ժամանակ»էն: Համայնքէն ներս մեծ յարգանքի եւ վստահութեան արժանացած Ուղուր­լուեանը երկար տարիներ Հայոց Պատրիարքարա­նի մէջ զբա­ղե­ցու­ցած պաշ­տօն­ներու կողքին, եղած էր նաեւ Գալֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան բազ­մա­մեայ ա­տե­նա­պե­տը։ Ուղուրլուեան պոլսահայ համայնքէն ներս տարած էր անշահախնդիր եւ հսկայ աշխատանք՝որ­պէս կա­մա­ւոր: Ան իր հիմ­նած «Փո­լա­րիս» զբօ­սաշր­ջու­թեան ըն­կե­րու­թեան մի­ջո­ցաւ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ ի­րե­րա­յա­ջորդ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պած էր դէ­պի Հա­յաս­տան, որու  շնորհիւ կա­մուրջ մը ստեղ­ծուած էր Պոլսա­հա­յու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ։

Կար­պիս Ու­ղուր­լուեան, որ ծնած էր 1925 թ.ին, յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան մէջ՝ Յու­նուա­րի 25-ին պի­տի նշէր իր ծննդեան տա­րե­դար­ձը, բոլորելով 91 ամեակը, սակայն վեր­ջին շրջա­նին ան լուրջ առողջական խնդիր­նե­րէ տառապելով, 2016-ի Յունուար 19-ին ան իր հոգին աւանդեց:

Թող հողը թեթեւ գայ եւ յիշատակը ան­թա­ռամ մնայ մեծ ազգասէր եւ նուրեալ՝ Կարպիս Ուղուրլուեանին: