Երէկ, Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է Պոլսահայ համայնքի երէց սերունդին պատկանող, մեծ սէր ու յարգանք վայելող դէմքերէն՝ Կարպիս Ուղուրլուեանը։ Այս մասին վերահասու կը դառնանք Պոլսոյ «Ժամանակ»էն: Համայնքէն ներս մեծ յարգանքի եւ վստահութեան արժանացած Ուղուրլուեանը երկար տարիներ Հայոց Պատրիարքարանի մէջ զբաղեցուցած պաշտօններու կողքին, եղած էր նաեւ Գալֆաեան Տան խնամակալութեան բազմամեայ ատենապետը։ Ուղուրլուեան պոլսահայ համայնքէն ներս տարած էր անշահախնդիր եւ հսկայ աշխատանք՝որպէս կամաւոր: Ան իր հիմնած «Փոլարիս» զբօսաշրջութեան ընկերութեան միջոցաւ տասնամեակներ շարունակ իրերայաջորդ ուխտագնացութիւններ կազմակերպած էր դէպի Հայաստան, որու շնորհիւ կամուրջ մը ստեղծուած էր Պոլսահայութեան եւ Հայաստանի միջեւ։
Կարպիս Ուղուրլուեան, որ ծնած էր 1925 թ.ին, յառաջիկայ շաբթուան մէջ՝ Յունուարի 25-ին պիտի նշէր իր ծննդեան տարեդարձը, բոլորելով 91 ամեակը, սակայն վերջին շրջանին ան լուրջ առողջական խնդիրներէ տառապելով, 2016-ի Յունուար 19-ին ան իր հոգին աւանդեց:
Թող հողը թեթեւ գայ եւ յիշատակը անթառամ մնայ մեծ ազգասէր եւ նուրեալ՝ Կարպիս Ուղուրլուեանին: