Վիգէն Չըթըրեանի հեղինակած գիրքը ներկայացուած է Պոլսոյ մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Webster University կայքին կողմէ: Նշենք, որ բաց քննարկումներուն ներկայ եղած է նաեւ հեղինակը: 1-4 Հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ կայացած հանդիպումը կազմակերպուած եղած է «Սապանճի», «Միջինըն» եւ «Սաութ Գալիֆորնիա» համալսարաններու համատեղ գործակցութեամբ եւ միջոցառման թեման յատկացուած եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած թեմադիք նիւթերու քննարկման: Նշենք, որ Չըթըրեանի հատորը կը կրէ ՝ «Բաց Վէրքեր։ Հայեր, Թուրքեր եւ դար մը ցեղասպանութիւն» խորագիրը: