ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ ՝ Շուշան Ստեփանեան յայտնած է, որ Արցախի մայրաքաղաք ՝ Ստեփանակերտ կրկին անգամ հրթիռարձակումներու ենթարկուած է։
Ստեփանեան այլ տեղեկութիւններ չէ հաղորդած, իսկ «Արմէնբրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ Ստեփանակերտի մէջ հոսանքազրկում նկատուած է։