Պէյրութի տասնեակ կարեւոր ճանապարհներ այս պահուն կը մնան փակուած։
Հարիւրաւոր ցուցարարներ փողոց իջնելով յայտարարած են, որ այսօր ՝ երկուշաբթի բողոքի եւ համընդհանուր գործադուլ օր պիտի ըլլայ։
Նշենք, որ վաղուան գործադուլին մասին աւելի վաղ յայտարարած էին Սայտա եւ Թրիփոլի քաղաքներու ցուցարարները նշելով, որ իրենք այս քայլին կ՚երթան, որովհետեւ երկրին մէջ շուրջ քառասուն օրուան բողոքի ալիքէն ետք ոչինչ փոխուած է։
Իր կարգին «Ալ Արապիյա» կայանը յղում կատարելով Լիբանանի պետական լրատուական գործակալութեան յայտարարած է, որ այսօր երկուշաբթի Լիբանանի ամբողջ տարածքով գործող բոլոր վարժարանները փակ պիտի պահեն իրենց դռները։
Կը սպասուի, որ այսօր առաւօտ կանուխ մեծ թիւով ցուցարարներ հաւաքուին մասնաւորապէս Պէյրութ տանող ճանապարհներուն վրայ փորձելով փակել այդ ճանապարհները։