image

Վերջին զարգացումներու լոյսին տակ յունական զօրքերը բերուած են բարձր պատրաստականութեան վիճակի

Վերջին զարգացումներու լոյսին տակ յունական զօրքերը բերուած են բարձր պատրաստականութեան վիճակի

Յունական զօրքերը եւ ոստիկանութեան յատուկ ջոկատները դեռ բարձր պատրաստականութեան վիճակի մէջ են Յունաստանի եւ Թուրքիոյ ցամաքային սահմանի երկայնքով՝ գաղթականներու եւ փախստականներու նոր ալիքի հետ կապուած, կը յայտնէ Reuters-ը։

Մօտ 10 000 փախստականներ փորձած են հատել սահմանն այն պահէն, երբ Թուրքիան յայտարարած է, թէ այլեւս պիտի չխոչընդոտէ Եւրոպա հասնելու անոնց փորձերը։

Յունական իշխանութիւնները յայտարարած են, որ սահմանին իրավիճակը ամբողջ գիշեր հանգիստ եղած է՝ ի տարբերութիւն այն բախումներու, որոնք դիտարկուած են հանգստեան օրերուն եւ երկուշաբթի օր, երբ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ կիրառած էր գաղթականներու դէմ։

«Յունաստանի սահմանները նաեւ Եւրոպայի սահմաններն են»,- նշած է Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթակիսը յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է ԵՄ երեք հիմնարկներու ղեկավարներու ծրագրուած տեսչական այցէն առաջ։