image

Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան. Իբրեւ Սուրիահայեր Պիտի Շարունակենք Գոյատեւել Սուրիական Ասպնջական Հայրենիքի Հողերուն Վրայ

Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան. Իբրեւ Սուրիահայեր Պիտի Շարունակենք Գոյատեւել Սուրիական Ասպնջական Հայրենիքի Հողերուն Վրայ

Հալէպի պատերազմը սկսաւ Փետրուար, 2012-ին, իբրեւ հետեւողութիւն Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին: Հիմնական բախումները սկսան Յուլիս 2013-ի վերջաւորութեան, Սուրիոյ ամենամեծ քաղաքի՝ Հալէպի մէջ, ուր ունէր հսկայական քաղաքական եւ ռազմավարական նշանակութիւն: Ճակատամարտի լայնածավալ ընթացքն ու կարեւորութիւնը մարտնչողներուն առաջնորդեց սոյն պատերազմը անուանելու՝ «Բոլոր պատերազմներու Մայրը»: Մինչ հակամարտութիւնը կ՛ընդլայնուէր Սուրիոյ՝ Հալէպ քաղաքին մէջ, հազարաւոր մարդիկ կը պայքարէին պահպանելու իրենց ապահովութիւնն ու իրենց առօրեայ ապրուստը եւ շարունակաբար՝ կարիքաւորներու թիւը շատ արագ ձեւով կ՛աճէր ու ընթացք կ՛առնէր: Նախկին լաւ գործող առողջապահական համակարգը տկարացած էր, պարենային դժուարութիւնները, ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը դադրած էին: Բժշկական օժանդակութիւնները սահմանափակուած էին, հիւանդանոցները քանդուած եւ բժշկական համակարգէն ներս աշխատողները դադրած էին եւ մասամբ մը երկիրը թողուցած ու գաղթած: Գործազուրկ մարդկանց թիւը կ՛աճէր շատ արագընթաց եւ տնտեսութիւնը յստակօրէն անկումի մէջ էր: Հալէպի բոլոր շրջանները, յատկապէս՝ Քրիստոնեայ եւ հայաշատ շրջանները կործանումի ենթարկուած էին: Կեանքը դարձած էր անվերջ ձեւով ռումբերու, հրթիռներու եւ պայթումներու ամբարտակ մը մինչեւ օրս: Ուստի, Սուրիահայութեան կարիքները գոհացնելու եւ ցաւերը մասամբ մը մեղմացնելու ու ամոքելու միտումով հիմնուեցաւ «Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմին»ը, որուն հիմնական նպատակն էր օժանդակութիւն հայթայթել Սուրիահայ ժողովուրդին առանց յարանուանական խտրութեանց: Օժանդակութիւնները հիմնականօրէն կը հայթայթուէին կրթական հաստատութիւններուն, կենացաղային եւ առողջապահական կարիքներու ու վնասուած բնակարաններու վերանորոգման ծրագիրներով: Վերջերս, Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմին»ը «Սուրիահայերու Օժանդակութեան Հիմնադրամ» անուան տակ կազմակերպեց հեռուստամարաթոն (թէլէթօն) մը «Կեանք մը ազատենք» խորագրի տակ, ընկերային եւ մարդկային ծանր վիճակի մատնուած սուրիահայութեան օժանակութեան ձեռք երկարելու նպատակով։ Մարմինը նախաձեռնեց շարք մը ձեռնարկներ նախքան հեռուստամարաթոնը, որոնցմէ կը յիշենք՝ պաշտօնական ընդունելութիւն եւ Ընթրիք, որ տեղի ունեցաւ 11 Փետրուար 2016-ին, Ա.Մ.Ն.-ի Քալիֆօրնիոյ «Ֆինիժիա» Ճաշասրահէն ներս: Վեր. Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեան իբրեւ Հալէպի Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինի անդամ, հրաւիրուած էր որպէս բանախօս սոյն ձեռնարկին: Ձեռնարկին ներկայ էին՝ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը, կղերականներ եւ հոգեւոր պետեր ժամանած տարբեր երկիրներէ, Ա.Մ.Ն.-ի Հայկական միութիւններու ու բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հանգամանալից հիւրեր: Ձեռնարկը կը նկատուէր եզակի իր որակին մէջ: Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ ներկայացուեցան խօսքեր պատասխանատու մարմիններէ: Վեր. Համայնքապետը իր խօսքին ընդմէջէն ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ Սուրիոյ պատերազմին եւ Սուրիահայութեան ընդհանրապէս ու հալէպահայութեան կրած համընդհանուր տառապանքն ու նեղութիւնները վերջին չորս ահաւոր տարիներու ընթացքին, որոնք կը ներքաշէին անխտիր բոլոր քաղաքացիները՝ չարագոյն փորձութիւններու մէջ: Ապա ան ակնարկեց Հալէպի պատմական արժէքներուն մասին, անդրադառնալով Հալէպի հայ ազգին օրրանը ըլլալու իրականութեան 1915 թուականի հայոց ցեղասպանութեան աւարտին: Ինչպէս նաեւ ան նշեց, թէ՝ Հալէպ քաղաքը եղաւ հայ ազգի գոյատեւման հիմնական ազդակներէն մին, երբ մեր նախահայրերը եւ որբուկները այդ թշուառ օրերուն մէջ կազմեցին ազգ մը ու յաղթահարեցին բոլոր մարտահրաւէրները եւ ստեղծեցին քաղաքականութիւն մը, ուրտեղ եկեղեցին կեդրոնն էր, եւ ուր որ եկեղեցի մը գոյութիւն ունէր, հոն կար անոր կողքին նաեւ դպրոց մը եւ մշակութային կեդրոններ: Հալէպահայութիւնը ցոյց տուաւ ամբողջ աշխարհին, թէ՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերջ մը չէր: Անոնք ապացուցանեցին, թէ՝ « եթէ ցորենի հատիկը հողի մը ընկնելով չմեռնի, կը մնայ մինակ, իսկ եթէ մեռնի, ան շատ պտուղ կուտայ»: 1915 թուականէն ետք կար ճշմարիտ եւ իսկական յարութիւն մը հայ ժողովուրդին համար: Մինչ մեր նախահայրերը հաւատարիմ քաղաքացիներ էին Սուրիական նոր հայրենիքին, անոնք հաւատարիմ էին իրենց հայկական արմատներուն եւ իրենց հայ նախահայրերուն եւ իւրաքանչիւրը դարձաւ գործարար մը իր իրաւունքին եւ գոյատեւեց հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ կառուցեց բան մը, որ սերունդը կարենայ հպարտ զգալ այդ իրողութեամբ եւ կարենայ իր վկայութիւնը փոխանցել շուրջիններուն եւ ամբողջ աշխարհին: Վերապատուելին աւելցուց ըսելով, թէ՝ մենք պահեցինք մեր հաւատքը, պահեցինք մեր լեզուն եւ պահեցինք մեր «հայկական ընտանիք»ի աւանդութիւնները Սուրիոյ հողերուն վրայ: Այո, պէտք էր այդպէս ըլլար, մեր նախահայրերը, որ ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած էին, պիտի օգնէին այս որբուկներուն ստեղծելու եւ հիմնելու «հայ ընտանիքը»: Հայ ընտանիքը, իրականութիւն մը որ կ՛արժէ հպարտ զգալ եւ շարունակել գոյատեւել: Ան անդրադարձաւ, թէ՝ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը մարդկային ամենավատ ճգնաժամին առաջ կը կենայ, Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք: Աւելի քան երկրի կէս բնակչութիւնը, այսինքն գրեթէ 13 Միլիոն ժողովուրդ իրենց բնակարանները լքելու ստիպողութիւնը ունեցան եւ գրեթէ նուազագոյն մէկ քառորդը կորսնցուց իր կեանքը, տասնեակ հազարաւորներ եղան պակասաւորներ, նոյնքան ալ ժողովուրդ անհետացան: Սակայն հակառակ այս բոլոր եղելութիւններուն, այս ընտանիքները կը շարունակեն պայքարիլ, ապրելու եւ գոյատեւելու համար Սուրիոյ սահմաններէն ներս: Ան իր խօսքը աւարտեց շեշտելով, թէ՝ իբրեւ հայ գաղութ մենք լիովին հաւատարիմ ենք եւ կապուած Սուրիական ասպնջական հայրենիքին իբրեւ մեր տունը: Այս վստահաբար, այն օրերէն կայացած է որ Սուրիան մեզ գրկբաց ընդունած եւ հիւրընկալած է Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք 1915 թուականին, երբ մեր նախահայրերը կորսնցուցին իրենց բնակարանները եւ աշխատելավայրերն ու երկիրը, երբ Թուրքը պատճառ հանդիսացաւ մեզ մեր արմատներէն խլելու: Ուստի, մենք ունինք բազմաթիւ պատճառներ, շնորհակալ ըլլալու Սուրիական հայրենիքին: Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ, աղօթել եւ գործել Սուրիոյ վերականգումին ու բարգաւաճման համար: Վերապատուելի Համայնքապետին երկրորդ ելոյթը տեղի ունեցաւ Կիրակի 14 Փետրուար, 2016-ին, կէսօր ժամը՝ 12:00-ին, Ա.Մ.Ն.-ի Քալիֆորնիոյ մէջ, Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Տէր Պետրոսեան» Սրահէն ներս, որ դարձեալ կազմակերպուած էր Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինի կողմէ "Community Rally" խորագրով հանրահաւաքի մը անուան տակ: Վերապատուելի համայնքապետը դարձեալ այդ ձեռնարկի բանախօսն էր: Ձեռնարկին ներկայ էին Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինի անդամներ, հոգեւոր պետեր, հոգեւոր հովիւներ եւ Ամերիկահայ ժողովուրդ: Վերապատուելին իր խօսքին ընդմէջէն նախ իր երախտապարտութեան խօսքը ուղղեց Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինի անդամներուն, յատկապէս անոնց կատարած բազմապիսի ներդրումներուն համար, Սուրիահայութեան ընդհանրապէս եւ Հալէպահայութեան մասնաւորաբար: Ապա ան անդրադարձաւ հալէպահայութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէներուն մասին պատերազմի այս ճգնաժամային օրերու մէջ, նկարագրելով մարդկանց ճնշուած հոգեվիճակը, նշելով, թէ հիմնական կարիքներու բացակայութեան առընթեր, ժողովուրդը կը դիմագրաւէ նաեւ վախազդու պահեր, վերջերս գործադրուած հրթիռարձակումներուն պատճառաւ, որ պատճառեց նիւթական եւ մարդկային ահաւոր վնասներ: Ան մատնանշեց, թէ՝ Սուրիահայութիւնը գոյատեւելու համար կ՛ապրի իսկական պայքար: Վերապատուելին իբրեւ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ, շեշտեց իր տեսակէտը ըսելով, թէ հակառակ ներկայ բոլոր մարտահրաւէրներուն «հեռանալու ժամանակը չէ» Սուրիական ասպնջական հայրենիքէն, որովհետեւ մենք ունինք յանձնառութիւնը առաջին հերթին Աստուծոյ, եւ ետքը մեր ընկերակիցներուն հանդէպ: Ունինք այն վսեմ պարտականութիւնը իբրեւ ժողովուրդ եւ առաջնորդութիւն, երկրին վերակառուցման գործընթացին մէջ մեր ներդրումը բերելու: Ան ըսաւ. «Այս այն ժամանակահատուածն է, որ մեր հայկական վարժարանները, մշակութային ու բժշկական կեդրոնները պէտք է գործեն յարատեւութեամբ, նաեւ իբրեւ պատասխանատու Մարմիններ գործելու եւ զգայուն ըլլալու ժամանակն է մարդկանց կարիքներուն նկատմամբ: Մենք մեր տեղերը նստելով ու եղելութիւնները ընդունելով պիտի չմնանք, այլ պիտի փորձենք փոփոխութիւններ յառաջացնել այդ գծով: Մենք ամէն գնով որոշած ենք ամէն բան փոխել դէպի լաւը: Բան մը որ պիտի շահարկէ ամբողջ համայնքը: Մենք իբրեւ Հայեր, կ՛ապրինք երկրի մը մէջ, ուր մեր ազգը յարութիւն առած է այս սուրբ հողերուն վրայ: Ուստի, պիտի շարունակենք գոյատեւել իբրեւ ազգ այս օրհնեալ եւ սուրբ հողերուն վրայ, տէր կանգնելով մեր ժողովուրդին եւ մասնաւորապէս աշխատակցելով հայ դատի պահանջատիրութեան եւ արդար հատուցման աշխատանքներու գծով ու հայ ազգի պայծառացման ի տես»: Զոյգ ձեռնարկներու աւարտին Վեր. Համայնքապետը բարձր գնահատուեցաւ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինին կողմէ իր փառահեղ ձեռքբերումներուն, արձանագրած յաջողութիւններուն եւ ի մասնաւորի հասարակական, քաղաքական, մարդասիրական սկզբունքներու հաստատման, ինչպէս նաեւ իր կատարած եկեղեցական, ազգային, մշակութային եւ կրթական անձնուէր գործունէութիւններուն, եւ ներկայիս իր կատարած բազմապիսի բարեսիրական ծառայութիւններուն Հալէպի Հայ գաղութին, յատապէս՝ երբ Սուրիական Հայրենիքը կ՛ապրի ու կը դիմագրաւէ տագնապալից օրեր: