Վերապատուելի Ռընէ Լեւոնեան Սուրիա կ'այցելէ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դամասկոսի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ նախկին ընդհանուր նախագահը ընդգրկուած է ֆրանսական խորհրդարանական պատուիրակութեան մը մէջ, որ մարդասիրական նպատակներով հասած է Դամասկոս եւ այցելութիւններ տուած տեղի պատասխանատուներուն մօտէն ծանօթանալու երկրի ընդհանուր իրավիճակին: Նշենք, որ լուրին մէջ տեղադրուած նկարը առնուած է Դամասկոսի մերձ եղող եւ քրիստոնէաբնակ Մահլուլա պատմական գաւառակին մէջ: Վերջինս, նոյնպէս կարեւոր առաքելութեամբ կ'ընկերակցի ֆրանսական պատուիրակութեան:
Լուսանկարը՝ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ Վեր. Յարութիւն Սէլիմեանի էջէն