image

Վեց տարուան ընդմիջումէ ետք թրքական կողմը առաջին պաշտօնական այցը կը կատարէ Իսրայէլ

Վեց տարուան ընդմիջումէ ետք թրքական կողմը առաջին պաշտօնական այցը կը կատարէ Իսրայէլ

Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ վեց տարի անց յարաբերութիւններու կարգաւորումէն ետք թրքական կողմը կը պատրաստուի առաջին պաշտօնական այցը կատարել Իսրայէլ: Թուրքիոյ Արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ յայտարարած է, որ այցը պիտի կայանայ 7-8 Փետրուարին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «T24.com.tr» լրատուական կայքը:

Թուրք նախարարին դէպի Իսրայէլ կատարելիք այցի ընթացքին պիտի քննարկուի զոյգ երկիրներու միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագրի ընդլայնման հարցը:

Յիշեցնենք, որ վեց տարուան դադարէ ետք երկարատեւ բանակցութիւններու հետեւանքով Իսրայէլ 2016 թուականի 30 Սեպտեմբերին ի վերջոյ Թուրքիոյ Արդարադատութեան նախարարութեան հաշուին փոխանցած էր 20 մլն ԱՄՆ տոլար՝ «Մաւի Մարմարա»ի գործով որպէս փոխհատուցում:

Նշենք նաեւ, որ 2016 թուականի 13 Հոկտեմբերին Իսրայէլի Ուժանիւթի նախարար Եուվալ Շտայնից այցելած էր Թուրքիա: Նշուած այցելութիւնը 2010 թուականի «Մաւի Մարմարա»ի դէպքէն ետք երկու երկիրներու միջեւ նախարարի մակարդակով կատարուած առաջին այցն էր: