image
Հրատապ լուրեր:

Վարչապետ Փաշինեան «Քովիտ-19»ի հարցով դրական յայտարարութիւն կատարեց

Վարչապետ Փաշինեան «Քովիտ-19»ի հարցով դրական յայտարարութիւն կատարեց

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ուղիղ եթերի ժամանակ ներկայացուցած է «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած իրավիճակը Հայաստանի մէջ։ Ան խնդրած է խստօրէն պահպանել հակահամաճարակային կանոնները եւ առաւելագոյն զգօն ըլլալ։

«Շատ կարեւոր կը համարեմ արձանագրում մը ընել․ 14 յունիսէն ետք առաջին անգամ «Քորոնա» ժահրի աշխոյժ դէպքերը 10 հազարէն քիչ են։ Հիմքեր կան, որ մենք ոչ միայն մտած ենք «Քորոնա» ժահրային ճգնաժամը յաղթահարելու փուլ, այլեւ աշնան համաշխարհային մաշտապով կանխատեսուող հնարաւոր երկրորդ ալիքի նկատմամբ կրնանք աւելի լաւ դիմակայունութիւն ունենալ։ Այս լուրերուն զուգընթաց աշխոյժացած է հակա-հակահամաճարակային PR արշաւը»։

Մանրամասները՝ տեսանիւթին մէջ։