image

Վանի վերջին նահանջը 1918 -ին. Յարութիւն Իսքահատեան

Վանի  վերջին նահանջը   1918 -ին. Յարութիւն Իսքահատեան

Հայը մինչեւ իր վերջին շունչը կառչեցաւ իր հողին: Փոթորիկներ, երկրաշարժներ եւ զանազան ազդակներ չկրցան զայն հեռացնել իր պապերուն հողէն դարերով, մինչեւ որ վրայ հասաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմը եւ տարբեր ազգեր յարձակումներ գործեցին Հայաստանի վրայ եւ բարբարոս թուրքին դիւանագիտական թռիչք եւ զինուորական օգնութիւն շռայլեցին: Սաթայէլական միտքեր գաղտնի սենեակներու մէջ խորհուրդ տուին արմատախիլ ընել հայը իր հայրենիքէն: Տարածաշրջանին մէջ կայսերապաշտական տէրութեանց աշխարհաքաղաքական ծրագիրներու իրագործումը կը կատարուէր: Միայն այն ատեն է որ հայը ստիպողաբար եւ ակամայ հեռացուեցաւ իր պատմական հողերէն: Այսօր իւրաքանչիւր  հայու սրտին մէջ կու լայ Արեւմտեան Հայաստանի յուշը եւ աչքերուն մէջ կը խայտայ զայն ԱԶԱՏԱԳՐԵԼՈՒ յոյսը: Ստորեւ կը ներկայացնեմ Ասքանազ Վարդանեանի ՙՎԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՆԱՀԱՆՋԸ՚ գործը:

Ասքանազ Վարդանեան, ՙՎանի Վերջին Նահանջը՚, ՙԱմարաս՚ հրատարակչութիւն, Երեւան, 2010, միջակ չափի 107 էջ:

1920-ի (պէտք է ըլլայ 1918 - Յ. Ի.) գարնան կարգ մը հայ քաղաքական եւ զինուորական պատասխանատուներ Վանի հայութեան կը թելադրեն նահանջել` նկատի առնելով շրջանին վտանգաւոր կացութիւնը: Այս պատասխանատուներուն շարքին են Զօրավար Անդրանիկը եւ ուրիշներ: Նահանջի հարցով Վանի մէջ շրջանային ժողով մը կը գումարուի: Կոստի Համբարձումեան եւ Պուլկարացի Գրիգոր կողմնակից էին մնալու եւ դիմադրելու թուրքերուն, իսկ Լեւոն Շաղոյեան եւ անոր քանի մը համախոհները խորհուրդ կու տան նահանջել: Սկիզբը որոշում կը տրուի մնալ եւ պաշտպանուիլ: Շաղոյեան կþայցելէ Թիմար, Ալիւր եւ այլ գիւղեր ու կþառաջարկէ, որ ժողովուրդը քուէարկէ մնալու կամ նահանջելու մասին: Այդ միջոցին ռուս զինուորները խումբերով կը հեռանային քիւրտ զինեալներով շրջապատուած Վանէն, իսկ թրքական ոյժերը Սարըղամիշի դռները հասած էին: Վանը մէջտեղն էր, նեղ արահետով մը միացած Կովկասին:

Վանի նահանգի Թիմարի գաւառի Գէոլու գիւղի հայ գունդին մեծ մասը կþորոշէ Կովկաս վերադառնալ: 400 զինաթափուած հայ զինուորներ ճամբայ կþելլեն: Այս մասին տեղեկացուած գնդապետ Մելքումեան կը ղրկէ իր մարդիկը, որոնք Գէոլուի շրջակայ բլուրները կը բռնեն ու նահանջող հայ զինուորներուն վրայ կը կրակեն: Քանի մը զոհեր կþիյնան: Վերոյիշեալ դէպքէն աւելի կարեւոր բան մըն ալ կը պատահի նահանջին սկիզբը. թուրքերը Կամուրջ գիւղն ու Ալաշկերտը կը գրաւեն: Իյնալու վրայ էր նաեւ Կարինը: Վանը բացայայտօրէն վտանգուած էր:

Նահանջի սկզբնաւորութեան թուականին առնչութեամբ Ասքանազ Վարդանեան զանազան յուշագրութիւններ կը քննէ (էջ 30-36), զանոնք իրարու հետ կը բաղդատէ եւ կը յանգի եզրակացութեան, թէ Վանի վերջին նահանջը սկսած է 21 Մարտ 1920-ին (պէտք է ըլլայ 1918-ին- Յ. Ի.):

Նահանջող գաղթականները երբ կը հասնին Վանի նահանգի Թիմարի գաւառի Ճանիկ գիւղը, պատասխանատուները, ի տես թուրքերու եւ քիւրտերու յարձակումներուն, որոշում կը կայացնեն, որ Վանի նահանգի 24000 հայերը փոխանակ Բերկրիի կիրճէն դէպի Իգտիր եւ ապա Երեւան անցնելու, ստիպողական կերպով ուղղուին դէպի պարսկական սահմանը: Վանէն դէպի Բերկրի կէս ճամբուն վրայ գտնուող Ճանիկ գիւղը կուսակցութիւններու գալուստէն առաջ մեծ հռչակ հանած էր իբրեւ ազատագրական պայքարի հնոց:

Տարաձայնութիւններ կը շրջէին, թէ Բերկրիի կիրճը քիւրտերը գրաւած են: Ասքանազ Վարդանեան այս լուրին ստոյգ ըլլալը կասկածի տակ առած էª հիմնուելով կարգ մը յուշագրողներու կարծիքներուն վրայ (էջ 37-44): Ան կը մէջբերէ յուշագրող Արսէն Հացագործեանի խօսքը ՙԳոյատեւում՚ խորագրեալ յօդւածին մէջ, թէ 1000 հոգի, անոնց մէջ նաեւ Վանի Առաջնորդ Եզնիկ Վրդ., այդ օրը անցած են Բերկրիի կիրճէն ու հասած Կովկաս: Այս թիւրիմացութեան առնչութեամբ Կարօ Սասունի իր յուշերուն մէջ կը գրէ. ՙՎանի ղեկավարները Կովկաս երթալու մտադրութիւն չունէին` թրքական կրունկներուն տակ չիյնալու համար՚:

Նահանջող ժողովուրդին կարաւանը պէտք է անցնէր դէպի Խոյ կարելի միակ ճանապարհէն` Կոթուրի կիրճէն, որու մօտ քիւրտ աւազակապետ Սմկօն (քրտական Շիկակ ցեղախումբի պետ Իսմայիլը - խմբ.) իր ոճրախումբով կը սպասէր հայերը ջարդելու եւ կողոպտելու: Վասպուրականի կտրիճ տղաքը անոնց դէմ կը դնեն, կիրճին մօտ քիւրտերու եւ հայերու միջեւ բախումներ տեղի կþունենան: Շատ հայեր հոս կը զոհուին (ըստ յուշագրող Ազգին Մարտիրոսեանի` 40-50, ըստ Համբարձումեանի` 140 հոգի): Սմկօ կը յաջողի կարաւանին Խոյ մուտքը արգիլել: Գաղթականները ստիպուած կþըլլան իրենց նահանջի ճամբան շեղել Սալմաստի ուղղութեամբ:

Կոթուրի կիրճը անցնելէ յետոյ կարաւանը կը հասնի Շաքարիազի բարձունքը, որմէ ետք Կոթուր գետը կտրելով Եզտիքէնտ (կամ Եզդիգան) գիւղէն կþանցնի ու Սալմաստի դաշտը կը մտնէ: Առաջնորդներէն Կոստի Համբարձումեան Սային Կալա գիւղին մէջ կը սպաննուի: Հեղինակը այս մասին ուրիշ յուշագրողներու սխալ տեղեկութիւնները կը հերքէ: Լեւոն Շաղոյեան ուրիշ հայ պատասխանատուներու հետ ժողովուրդը Սային Կալայէն մինչեւ Համատան կþառաջնորդէ: Առանց հայ ղեկավարներու կարգադրութեան, հոսկէ անգլիական զինուորական կառքերը ժողովուրդը Քիրմանշահ, Կասրէ Շիրին, Խանագին եւ ապա Պաաքուպա կը փոխադրեն:

Պաաքուպայի մէջ անգլիացիք հայ գաղթականներու իբրեւ պատասխանատու կը ճանչնան Հ. Մելքոնեանը, որու պաշտօնին ժամկէտը լրանալէ յետոյ, անգլիական իշխանութեան հրահանգով, նոր կոմիտէ մը կþընտրուի. նախագահ` Վահրամ Վարդապետեան, ատենապետ` Լեւոն Շաղոյեան:

Երկու տարի Պաաքուպա մնալէ յետոյ, անգլիացիք հայ գաղթականները Նահր էլ-Օմար կը փոխադրեն: Հոս անոնք ընտրել կու տան նոր կոմիտէ մը Յովհաննէս վրդ. Հիւսեանի նախագահութեամբ եւ Լեւոն Շաղոյեանի ատենապետութեամբ:

Վանի գաղթականներու կայանած վայրերէն էր Սալմաստը, ուր Ասքանազ Վարդանեան երկու ամիսէն աւելի մնացած էր: Հմայեակ Մեսրոպեան իր յուշերուն մէջ կþըսէ. ՙՄենք տեղաւորւեցանք Ուլա անունով ասորական գիւղը, ուր թէեւ կարելիութիւններ եղան քիչ մը ալիւր եւայլն ձեռք բերել[ու], բայց բաւարար չէր: Շատերը մուրացկաններ դարձան Խոսրովա եւ այլ գիւղաքաղաքներու [մէջ]` հաց մուրալու համար՚: Վարդանեան կը վկայէ, թէ Սալմաստի հայ եւ ասորի բնակիչները Վանի գաղթական հայոց սրտբաց ընդունելութիւն ցոյց տուին եւ ամէն տեսակ օժանդակութիւն տրամադրեցին: Սալմաստի դէպքերուն մասին զանազան յուշագրողներու կարծիքները պարզելէ յետոյ, Ասքանազ Վարդանեան կþանդրադառնայ Աշոտ Սարոյեանի գրածներուն: Սալմաստի գաւառը ասորի եւ հայ խառն բնակչութեամբ տարածք մըն էր, որու զինուորական գործերը ասորիներու հոգեւոր պետ Մար Շիմոնը (նեստորական ասորիներու ժառանգական կաթողիկոս-պատրիարք Մար Շիմոն ԻԱ. Բենիամին - խմբ.) կը վարէր: Վանի գաղթականները հոն հասնելէն առաջ, քիւրտ աւազակապետ Սմկօ Մար Շիմոնը դաւադրաբար սպաննած էր (3 Մարտ 1918-ին - խմբ.): Նախ Մար Շիմոնի կինը, ապա քոյրը` Սիւրմա խանում եւ եղբայրը` Աղա Տաուտ փոխարինած էին զայն:

Սիւրմա խանումի եւ Աղա Տաուտի հրահանգով, ասորիները հայ գաղթականներուն հաց կը բաշխեն եւ զանոնք լաւ տուներու մէջ կþընդունին: Ըստ Աշոտ Սարոյեանիª Սալմաստի մէջ 300 ռուս զինուոր եւ 2000-ի մօտ զինուած հայեր կային ասորի կռուողներու կողքին:

Ըստ Հմայեակ Մեսրոպեանի` Ուրմիոյ հայ եւ ասորի գաղթականներուն թիւը 90 հազարի կը հասնէր: Յենելով Ճոն Կիրակոսեանի գրածներուն վրայ, Ասքանազ Վարդանեան կþըսէ, թէ Պարսկաստանի հարաւէն արշաւող բրիտանական բանակին միանալու նպատակով, Ուրմիոյ հայերն ու ասորիները կը շարժին Ալի Իհսան փաշայի բանակին դէմ, որ կþաշխատէր բրիտանական բանակին դէպի հիւսիս յառաջխաղացքը արգիլել: Երբ փաշան Ուրմիոյ վրայ կը յարձակի, հայերն ու ասորիները դէմ կը դնեն անոր: Այդ կռիւներուն մասնակցած Հմայեակ Մեսրոպեան Զօրավար Անդրանիկի մասին հետաքրքրական եղելութիւն մը կը պատմէ (էջ 63). ՙԱրդարեւ Ուրմիայի վրայ յարձակողը այս անգամ Ալի Իհսան փաշան էր, որ ճակատամարտի տաք ատենին յանկարծ կը լքէ եւ կը հեռանայ, պատճառը չի գիտցըւիր: Ետքը միայն յայտնի կը դառնայ, որ Անդրանիկ իր բանակով եւ բազմահազար ժողով[ու]րդով, Կովկասէն եկած է մեզ[ի] միանալու նպատակով` կասեցնելու համար արշաւը: Ալի Իհսան փաշան մեզ կը թողու եւ կը վերադառնայ Սալմաստ` Անդրանիկին դէմ ճակատելու համար: Ճակատամարտը տեղի կþունենայ Խոյի բարձունքներուն վրայ, եւ թէեւ կը վերջանայ Անդրանիկի նահանջով, բայց մենք կը փրկուինք՚:

Անդրանիկի յարձակման մասին զանազան յուշագրողներ գրած են, սակայն մէկը միւսին կը հակասէ: Այդ կարծիքները Ասքանազ Վարդանեան կը ներկայացնէ իր գիրքին 64-73-րդ էջերուն մէջ:

Հայկական եւ ասորական ոյժերը կը պարտուին եւ կը սկսին նահանջել Ուրմիայէն դէպի Սոլտուզ: Այդ պահուն անգլիական օդանաւ մը կը շրջի Ուրմիոյ երկնակամարին վրայ: Հմայեակ Մեսրոպեան կþըսէ, թէ անգլիացիք կը թելադրէին հայոց եւ ասորիներուն` կռուելով դիմանալ թուրքերուն դէմ, քանի որ իրենց բերելիք օգնութիւնը մօտալուտ էր: Սակայն ուշ էր արդէն: Ասքանազ Վարդանեան հոս ճշդում մը կը կատարէ, յայտնելով, որ անգլիական օդանաւին երեւումը հայոց եւ ասորիներու նահանջէն շատ առաջ էր: Ան այս հարցին մասին ուրիշ յուշագրողներու կարծիքներն ալ կը ներկայացնէ (էջ 73-84):

Գիրքին մնացեալ մասին մէջ Ասքանազ Վարդանեան Պաաքուպայի եւ Նահր էլ-Օմարի գաղթակայաններուն ու հոն կայանած հայոց ծանր վիճակին մասին կը գրէ:

Յուշագիրքի ՙՅաւելուած՚ին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ Վահան Թոթովենցի ՙԶօրավար Անդրանիկը Եւ Իր Պատերազմները՚ երկը եւ ուրիշ յուշագրութիւններ, յատկապէս անդրադառնալով Խոյի ուղղութեամբ Անդրանիկի արշաւին: Վարդանեան այս գործերուն մէջ տեղ գտած սխալները կը մատնանշէ:

 

 Յարութիւն  Իսկահատեան