image

Ծանրագոյն Ոճիր Լիբանանի Մէջ. Անդամահատուած Նորածինի Մը Դին Գտնուեցաւ

Ծանրագոյն Ոճիր Լիբանանի Մէջ. Անդամահատուած  Նորածինի Մը Դին Գտնուեցաւ

Լիբանանի  Սայտա  շրջանին մէջ    բժշկական աղբերու թափման    կեդրոնին մէջ յայտնաբերուած է   նորածին  երեխայի մը դին:  Աւելի ուշ յայտնաբերուած է, որ տուփի մը մէջ երեխայի     թեւերը եւ գլուխը անդամահատուած են:  Ապահովական մարմիններ  շրջան հասնելով քննութիւն բացած են դէպքին  շուրջ:  Կատարուած դիահերձումէն ետք յայտնի դարձած է, որ երեխան   ծնած է  առողջ: