image

Ծանօթանանք ISIS-ը Հովանաւորող Պիլալ Էրտողանին Հետ. Mintpress.com (Մաս Երկու Եւ Վերջին)

Ծանօթանանք ISIS-ը Հովանաւորող Պիլալ Էրտողանին Հետ. Mintpress.com  (Մաս Երկու Եւ Վերջին)

Թուրքիոյ  մէջ    խոշորագոյն ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ CHP-ի  փոխնախագահ Կիւրսէլ Թէքին, թրքական մամուլին տրուած  հարցազրոյցներէն մէկուն  մէջ  ըսած է, թէ   նախագահ Էրտողանը պնդած է, որ միջազգային տեղափոխման համաձայութիւններուն իրաւական խախտում չկայ Պիլալի ապօրինի գործունէութեան վերաբերեալ եւ իր որդին պարզապէս սովորական «պիզնէս»  կը կատարէ գրանցուած ճափոնական ընկերութիւններուն հետ: «Սակայն, իրականութեան մէջ, Պիլալ Էրտողան ​​մինչեւ վիզը խրուած է ահաբեկչութեան հետ   համագործակցելու  մեղքին  մէջ, բայց, այնքան ատեն, որ իր հայրը կը զբաղեցնէ պաշտօնը, ան ապահով պիտի մնայ  որեւէ  դատական ​​հետապնդումէ»,-ըսած է ան:  Թէքին աւելցուցած է, որ Պիլալի ծովային ընկերութիւնը կը կատարէ ISIS-ի նաւթի առեւտուրը, BMZ Ltd    ընկերութեան   քողով եւ Էրտողանի ազգականները բաժնետոմսեր ունին անոր մէջ:  Ըստ  ընդդիմադիր  գործիչին,   անոնք կը զեղծեն պետական ​​միջոցները եւ  ապօրինի վարկեր կը վերցնեն թրքական դրամատուներէ: Կարեւոր   տեղեկութիւններ   հրապարակուած  են   Էրտողանի դստեր՝  Սումայա Էրտողանին մասին, ուր կ'ըսուի,  թէ ան սկսած է հիւանդանոցային գաղտնի ճամբար մը  վարել Թուրքիոյ մէջ:  Հիւանդանոցը  կը գտնուի Սուրիոյ սահմանին մօտ, ուր թրքական բանակի մարդատար  կառքերը  օրական ISIS-ի տասնեակ   վիրաւորեալ  ահաբեկիչներ կը տեղափոխէ, որպէսզի բուժուին եւ դարձեալ ուղարկուին  Սուրիական  ճակատ: Այս մասին կը վկայէ այնտեղ աշխատելու զօրակոչուած բուժքոյր մը, որ աշխատած էր այնտեղ, մինչեւ իր  ալէւի ըլլալը  պարզուիլը:

Թուրքիոյ քաղաքացի Ռամազան Պակոլ, որ բռնուած էր քիւրտ ժողովուրդի պաշտպանութեան մարմիններու (YPG) կողմէ, երբ կը փորձեր Քոնիայի նահանգէն միանալ ISIS-ին, պատմած էր, որ ինք ուղարկուած է ISIS-ի «շարքերը  միանալու:  Աղբիւրը  կը նշէ նաեւ, որ Պակոթ անդամ է «Իսմաիլիական»   դաւանանքին, որ ծայրայեղական դաւանանք մըն է եւ  որ    դրամական  յատկացումներ կը ստանայ Էրտողանին: Պակոլ նշած է, որ այդ դաւանանքը անդամներ կը հաւաքագրէ եւ նիւթական աջակցութիւն կ'ապահովէ ծայրայեղական ​​իսլամիստական ​​կազմակերպութիւններուն: Ան աւելցուցած է, որ դաւանանքը   իսլամիստները  կը վերապատրաստէ Քոնիայի մէջ  եւ կ'ուղարկէ զանոնք Սուրիա  միանալու,  հոն  կռուող ISIS-ի  աւազակախումբերուն:  

Ֆրանսացի աշխարհաքաղաքական վերլուծաբան Թէրի Մեյսանի համաձայն, Ռէճէփ Էրտողան «կազմակերպած է Սուրիոյ թալանը, կազմալուծելով տնտեսութեան մայրաքաղաք Հալէպի բոլոր գործարանները  եւ գողնալով գործիքներն ու հաստոցները: Ան նոյնպէս կազմակերպած է հնագիտական ​​գանձերու  թալանը եւ ստեղծած է  միջազգային շուկայ՝ Անտիոքի մէջ»:   Ան նաեւ կը  նշէ, որ  Թուրքիոյ նախագահը  համագործակցած է   ֆրանսական Էլիզէյի պալատի աշխատակազմի ղեկավար   Պէնուա  Փուկայի  հետ,    Սուրիոյ պատերազմին մէջ       ՕԹԱՆ-ը ներգրաւելու  եւ Ղութայի  մէջ կատարուած     քիմական   յարձակումը իբրեւ պատրուակ  օգտագործելով        Դամասկոսի  կառավարական կառոյցները  ռմբակոծելու համար (օգոստոս 2013):

Մեյսան կը պնդէ, որ Էրտողանի սուրիական ռազմավարութիւնը ի սկզբանէ գաղտնի ձեւով մշակուած է   2011-ին  Ֆրանսայի նախկին ԱԳ նախարար Ալէն Ժիւպէի եւ Էրտողանի այն ժամանակուայ արտաքին գործերու նախարար Ահմէտ Տաուտօղլուի համագործակցութեամբ:  Կը նշուի նաեւ, որ ֆրանսացի  քաղաքական   գործիչները  յետագային քաշուած են այս ծրագրէն՝  մինչ   Էրտողան կը շարունակէ Սուրիոյ «արեան լոգարանը»՝ օգտագործելով ISIS-ը:

Զօրավար   Ճոն Էլլըն, որ  ԱՄՆ նախագահ  Պարաք Օպամայի  հակառակորդ  կը համարուի, դիւանագիտական   առաքելութեամբ   մը հանդիպած է   Էրտողանին հետ  եւ գերազանցելով  իր  դերը՝   խոստացած է ստեղծել իննսուն մղոն լայնութեամբ «ոչ թռիչքային գօտի» մը Սուրիոյ տարածքին, Թուրքիոյ հետ սահմանի ամբողջ երկայնքին, որ ենթադրաբար նախատեսուած էր սուրիացի     գաղթականներուն փախուստը   ապահովելու համար:  Սակայն  այդ    բոլորը պիտի կատարուէին Ժիւբէ-Ռայթ ծրագիրը իրականացնելու համար:  Ըստ   Մէյսայի, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէտ Տաուտօղլուն բացայայտեց ԱՄՆ-ի աջակցութիւնն այդ նախագիծին վերաբերեալ  A Haber  հեռուստաալիքի միջոցաւ, մեկնարկելով  ռմբակոծման արշաւանք  ընդդէմ PKK- ի:

Պարբերականը  իր   անդրադարձը փակելով  գրած է, թէ «պատերազմի մէջ  երբեք յաղթող կողմ չկայ եւ Էրտողանի պատերազմը Սուրիոյ դէմ ընդգծուածօրէն այդ մէկը ցոյց կու տայ»: Ըստ  աղբիւրին,  Տաւուտօղլուի «Զէրօ խնդիր հարեւաններու հետ» արտաքին քաղաքականութիւնը  այսօր  վերածուած է   «միայն  խնդիր  հարեւաններու հետ»   եւ պայմանաւորուած է  Էրտողանի եւ իր վարչակարգին անձնասիրական փուճ  հաւակնութիւններով:

 

Առաջին մասը՝ այստեղ