image

Իրաք. Քրտական Բէշմարքան Նահանջի Կը Մղէ ISIS-ը

Իրաք.  Քրտական  Բէշմարքան Նահանջի  Կը Մղէ  ISIS-ը

 Իրաք- Իրաքի  հիւսիսային հատուածին մէջ ծանր բախումներ կը գրանցուին     ISIS ահաբչեկչական խմբաւորման եւ   քրտական Բէշմարքայի  մարտիկներուն  միջեւ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ   Rudaw.net   կայքը: Կայքը նաեւ կը  գրէ, որ    վերջին    երկու օրերուն ISIS  նահանջի դիմած է յատկապէս իրաքեան Խորմաթո  աւանէն:    Գետնի վրայ  Բէշմարքայի  գրանցած յաջողութիւններուն մասին նոյնպէս խօսած է դաշնակից ուժերու ամերիկացի   պատասխանատու Զօր. Քէվըն Քիլէ: Զինուորականը հաստատած է, որ դաշնակից ուժեր   պիտի շարունակեն  զօրակցիլ Բէշմարքային եւ անցնող   48    ժամերուն  անոնք          օդային  12  ծանր  գրոհներ կատարած են  ISIS-ի դէմ :