image
Հրատապ լուրեր:

Տիարպէքիրի Հայ Ամենահին Բնակիչներէն Սարգիս Էքէն Խտացեալ Դարմանումի Տակ

Տիարպէքիրի Հայ Ամենահին Բնակիչներէն Սարգիս Էքէն Խտացեալ Դարմանումի Տակ

Տիարպէքիր- («Մարմարա»-Պոլիս)- Տիարպէքիրի ամենահին բնակիչներէն 86 ամեայ Սարգիս Էքէն կը գտնուի խտացեալ դարմանումի տակ: Այս մասին կը գրէ «Մարմարա», նշելով, որ Սարգիս անցեալին հազարաւոր հայ բնակչութիւն ունեցող Տիարպէքիրի վերջին հայերէն մէկն է, որ ծնած էր 1930-ին Տիարպէքիրի Սիլվան Պաշպուք գիւղին մէջ: Հայրը՝ Տիգրան, ապահովութեան թելադրանքով անոր անունը անձնագրի մէջ արձանագրած էր՝ Սըթքը: Սարգիս Էքէն, որ  65 տարի անպաշտօն կերպով ապրած էր նոյն քաղաքի բնակիչ՝ Պայծառ Ալաթայի հետ, 2014 թ.ին Պսակի արարողութեամբ ամուսնացած էր անոր հետ Տիարպէքիրի Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ:Սակայն Պայծառ Էքէն Ս. Պսակի արարողութենէն երկու ամիս ետք մահացած էր, առանձին թողելով իր ամունիսը:

«Մարմարա» կը նշէ, որ Սարգիս Էքէնի մեծ հայրը 1915ի ցեղասպանութեան օրերուն Սիլվանի հեղինակաւոր անձերէն մէկը եղած է եւ  այդ իսկ պատճառով, անոր ընտանիքի անդամները փրկուած են ստոյգ մահէն, գիւղի աղայի միջամտութեան շնորհիւ: