image

Տիարպէքիրի երէկուան պայթումին զոհուած են 3 անձեր

Տիարպէքիրի երէկուան պայթումին զոհուած են  3 անձեր

Թուրքիոյ  Տիարպէքիր քաղաքին մէջ երէկ պայթում մը գրանցուած է, որու հետեւանքով արձանագրուած է 3 զոհ եւ 45 վիրաւոր: Այս մասին կը տեղեկացնէ BBC-ին, նշելով, որ պայթումին թիրախ դարձած էր քաղաքի ոստիկանութեան կեդրոնը:  Աղբիւրի համաձայն պայթումը կատարուած է ականուած ինքնաշարժի միջոցաւ, որ պայթած էր, երբ իր կողքով կ'անցնէր ոստիկանութեան 9 աշխատակիցներով եւ 7 ձերբակալուած քիւրտ զինուորներով ոստիկանական ինքնաշարժ մը:
Պայթումի հետեւանքով վիրաւորուած են դէպքի մօտակայքը գտնուող 12 ոստիկաններ եւ 33 խաղաղ բնակիչ: Աղբիւրի տուեալներով` ռումբը պայթեցուած է հեռակառավարման համակարգով: