Լիբանանցի ցուցարարներ, իմանալէ ետք Հասսան Տիապի վարչապետ նշանակուելու լուրը, դարձեալ փողոց իջած են։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը։
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ ցուցարարները հաւաքուած են Ռինկ-ի կամուրջին, ինչպէս նաեւ նորանշանակ վարչապետի «Հաիշաթ պաքքար» թաղամասին մէջ գտնուող բնակարանին մօտ։
Ցուցարարները դէմ խօսած են այս նշանակումին եւ հաւաստած են, որ պիտի շարունակեն իրենց բողոքի շարժումները։