image

«Թոյլ պիտի չտամ, որ Լիբանանը կործանի...» Կամ Զօր. Աուն դէպի ո՞ւր կը տանի երկիրը

«Թոյլ  պիտի չտամ, որ  Լիբանանը  կործանի...» Կամ  Զօր. Աուն  դէպի ո՞ւր  կը տանի երկիրը

Վերջին օրերուն  գրանցուող բաւական արագ եւ նոյնիսկ անսպասելի    զարգացումները  ստիպել  կու տան  բարձրաձայն   հարցումներ ուղղել   եւ   հարց  տալ.  «Դէպի ո՞ւր կ՚երթայ մեր  սիրելի Լիբանանը»։

Այս  օրերուն  հասած     տեղեկութիւնները  կը խօսին տարաբնոյթ  դժուարութիւններու  ու նաեւ  մօտիկ  ապագային       նոր   հասուննալիք  տագնապներու  հաւանականութեան մասին։

Ի  դէպ,  Լիբանանի    ընդհանուր զարգացումներուն հետեւողներուն   համար   շատ  պարզ է,  որ այս  օրերուն  գրանցուող դէպքերը  միայն տնտեսական բնոյթ   կամ ելակէտ  չունին ...

Ու  չնայած    այդ  խնդիրներուն մեծ մասը       անցեալի կուտակումներու արդիւնք է,  բայց եւ այնպէս    այդ հիմնահարցերուն      առընթեր  եղող  բաւական մտահոգիչ զարգացումները  մեզի   կը  յիշեցնեն, որ եղածը   քաղաքական   ծրագրի մը մէկ  մասնիկն է,  որ միտուած է  ճնշումներ բանեցնել եւ նոյնիսկ  անդամալուծել կամ  ծունկի բերել  արաբական   աշխարհի  «դիմադրութեան դրօշ»ը իր ձեռքին  առած  լիբանանեան  «Հըզպալլա»ն  ու անոր   աշխատանքները    դիւրացնող      տնտեսական, ընկերային, հետեւաբար նաեւ ռազմական    կառոյցները։

Այս  բոլորին      բարձր  գինը կրնայ  վճարել  լիբանանցի  պարզ  քաղաքացին, ոչ միայն  որ ան  անզօր է,   այլ անոր համար, որ ի բնէ  այդ ճնշումներուն  մեծագոյն տոկոսը    կը բանեցուի  նախ  եւ առաջ  ճնշելու  պարզ  լիբանանցին։

Նպատակն անշուշտ մէկ է,     խրամատ  ստեղծել արդէն իսկ երկար  ժամանակէ ի վեր    իրարմէ   բաժնուած  ու  նոյնիսկ բեւեռացած   հասարակութեան   մէջ,  որմէ  ետք ալ  շատ հեշտ  պիտի ըլլայ  երկրին մէջ    բախումներ հրահրելը  ու ձեւով մը առիթ  տալ  բոլոր անոնց, որոնց   «լեզուն   այրած  է» եւ  ատելութեան զգացումներ ունին    շիիթ    ուժերուն ու անոնց    հետ նոյն   շարքին  կանգնած քրիստոնեայ  ուժերուն,  հետեւաբար նաեւ   երկրի նախագահ զօր.  Միշէլ  Աունին  դէմ։

Այստեղ  պատկերը   յստակ կը դառնայ  ու    նման  ճնշումներու    էութիւնը  հասկնալէ ետք,  շատ  հաւանական  է, որ    այդ ճնշումներ բանեցնող  կողմերը   երբեք  ալ պատրաստ չըլլան    դադրեցնելու իրենց կործարարար «սեւ գործ»ը  առանց   մեծ  զիջումներ ստանալու կամ  առանց  գործանումի ըրենց սեւ  գործը մինչեւ  վերջ  տանելու ...։

Այս  պատկերին  տակ     կարեւորագոյն հարցադրումը, որ կը հնչէ,  արդեօ՞ք  իրապէս   Լիբանանի  նախագահը, պիտի կարողանայ  փրկել   երկիրը, կամ թէ պիտի թոյլ պիտի տայ, որ երկիրը   փլի ու  ինք ու իր կողմնակիցներն ու  նաեւ ընդդիմախօսները   մնան  այդ փլատակներուն  տակ ...։

 

Յստակ   է նաեւ,  որ Աունի համար  բաւական բարդ  խնդիր է  «փրկագործութեան»  վարկածով   զբաղուիլը,  եթէ   հաշուի առնենք  սիւննի   աշխարհին   Լիբանանի  դէմ   ունեցած  լարուածութիւնը,  եւ     ոչ  բարեացակամ մօտեցումները, որուն հիմնական   պատճառը    Թեհրան-Ռիատ   շրջագիծին  մէջ  եղած  լարումներն ու ատելութիւնն է։ Նախագահ Աուն,  որ այսօր  Նիւ Եորքէն  իր վերադարձին    լրագրողներուն հետ խօսելու պահուն    խոր  մտահոգութիւն առթող  խօսքով մը հանդէս եկած է ու ըսած «Թոյլ պիտի չտամ, որ Լիբանանը  կործանի...»  մտածելու  տեղիք կու տայ, որ  առկայ  տագնապը   բաւական    դժուարին տագնապ է     ու       նուզագոյն պարագային, եթէ  ան կարողանայ  երկիրը  դուրս  բերել այսօրուան  ճահիճէն,  ապա  ան պիտի դառնայ  ազգային հերոս մը,  այլապէս դժուար  չէ կռահել, որ  ան  շատ արագ կերպով  պիտի  դառնայ   Լիբանանի հասարակութեան մեծագոյն  թշնամին ու     համայնքային   վահաններու ետին կանգնած   բոլոր կողմերը  պիտի   փորձել «խաչը  հանել»  զօրավար  Աունը,   եւ այդ մէկը    անշուշտ   պատճառ պիտի  դառնայ իր քաղաքական  կեանքի  անփառունակ վախճանին ...

Հարցում մը,  այս բոլորին մէջ  ի՞նչ կը մտածէ  լիբանանահայութիւնը,  կամ  իրողապէս  լիբանանահայ  համայնքի  անդամները  արդեօք զերծ  պիտի  ըլլա՞ն  գալիք   վտանգներէն։