Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը եւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը Ռուսաստանի օրուայ կապակցութեամբ նամակներ յղած են իրենց ռուս գործընկերներուն: Լուրը մեծ արձագանգ ստացած է թրքական մամուլին մէջ: Նամակներուն մէջ առաջին հերթին կը նշուին երկու երկրներու յարաբերութիւններու բարելաւման կարեւորութիւնը` այն կապելով երկու ժողովուրդներու ընդհանուր շահերուն հետ:
Էրտողանի՝ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինին ուղղուած նամակէն յատկապէս կ'առանձնացուի հետեւեալ տողերը. «Թուրք ժողովուրդի անուով կը շնորհաւորեմ ռուս ժողովուրդին՝ Ռուսաստանի օրուայ կապակցութեամբ: Կը մաղթեմ, որ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները մօտ ապագային վերադառնան այն մակարդակին, որուն արժանի են»:
Իսկ Պինալի Եըլտըրըմը, ՌԴ վարչապետ Տմիթրի Մետւետեւին ուղղուած նամակին մէջ բոլոր ռուսերուն ողջութիւն եւ բարօրութիւն մաղթելով, ընդգծած է. «Յոյս ունիմ, որ մեր երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը եւ յարաբերութիւնները մօտ ժամանակներս կը հասնին մեր ժողովուրդներու ընդհանուր շահերու համար անհրաժեշտ մակարդակի»: