Բրիտանական «The Guardian» թերթի վերջին համարին մէջ անդրադարձ կատարուած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ուենցող ներքին զարգացումներուն: Հեղիանակաւոր թերթի թղթակից Օուէն Ճոնս «Թուրքիոյ մէջ ամէն տեսածս ժողովրդավարութեան դէմ յարձակում է» խորագրով յօդուածին մէջ կը պատմէ Թուրքիա կատարած իր այցի մասին:
Անդրադառնալով տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներու կալանաւորմանն ու մամուլի դէմ կիրառուող ճնշումներուն՝ Ճոնսը կը գրէ. «Արեւմուտքը այլեւս չի կրնար աչք փակել Էրտողանի կիրառած բռնութիւններուն»:
Հեղինակը կը պատմէ, որ այցելած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ու թերթերու ներկայացուցիչներուն, աքթիւիսթներուն, որոնք շատ ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին: «Անոնց քաջութիւնը ոգեշնչող, իսկ դրութիւնը մտահոգիչ է»,- կը գրէ ան:
Բրիտանացի լրագրողը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ մէջ փակուած է 160 լրատուամիջոց, իսկ 144 լրագրող բանտարկուած է: Ան կ'անդրադառնայ նաեւ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP) առաջնորդներու եւ բազմաթիւ անդամներու կալանաւորման փաստին:
«Թուրքիոյ փխրուն ժողովրդավարութիւնը արիւնաքամ կ'ըլլայ, իսկ արեւմտեան երկիրները կը լռեն: Թուրքիոյ վիճակը պէտք է ազդանշան ըլլայ. ժողովրդավարութիւնը կարեւոր, բայց եւ շատ խոցելի երեւոյթ է: Այդ դրութիւնը մեզի պիտի օգնէ գիտակցիլ, թէ որքան դժուարութեամբ ձեռք կը ձգուին իրաւունքներն ու ազատութիւնները եւ որքան դիւրութեամբ ետ կը խլուին ազգային ճգնաժամերէն օգտուող ռեժիմներու կողմէ», - կը նկատէ Ճոնս:
Նա մտավախութիւն կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ օրինակը կրնայ ոչ թէ մնալ որպէս բացառութիւն, այլ վերածուիլ ժողովրդավարութիւնը ոչնչացնելու տարածուած մեթոտի:
«Նոյնիսկ սոսկ այս հանգամանքը պատճառ է, որպէսզի Թուրքիոյ կողքին ըլլանք: Ո՞վ կրնայ գիտնալ, թէ յաջորդը որ երկիրը կ'ըլլայ», - կ'եզրափակէ հեղինակը: