image
Հրատապ լուրեր:

«Թուրքիոյ Մէջ Լրագրող Ըլլալ. Ճշմարտութեան Գինը»

«Թուրքիոյ Մէջ Լրագրող Ըլլալ. Ճշմարտութեան Գինը»

Փարիզի 10-րդ թաղամասի թաղապետարանի Տօներու սրահին մէջ տեղի ունեցած է Հրանդ Տինքի յիշատակին՝ «Թուրքիոյ մէջ լրագրող ըլլալ. Ճշմարտութեան գինը» վերնագրով հանդիպում-վիճարկում մը, որ կազմակերպուած էր Հասարակաց Երազանքի Հաւաքականի (CRC), Ծագումով Թուրքիացիներու Քաղաքացիական Ժողովի (L'ACORT), Քաղաքացիներու Եւրոպական Ժողովի (AEC-HCA), «Առանց Սահմանի Թղթակիցներ»ու եւ 10-րդ թաղամասի թաղապետարանին կողմէ:

Հրաւիրուած էին Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքէլ Տինք, «Ճումհուրիյէթ» թերթի՝ 2015 Նոյեմբեր 26էն ի վեր բանտարկուած ընդհանուր տնօրէն Ճան Տիւնտարի կինը՝ Տիլէք Տիւնտար, ինչպէս նաեւ 1993ին սպաննուած լրագրող Ուղուր Մումճուի որդին՝ «Ճումհուրիյէթ» թերթի սիւնակագիր Էօզկիւր Մումճու: Հանդիսութեան աւելի քան 400 ներկաներու առջեւ, 10-րդ թաղամասի թաղապետ Ռեմի Ֆէռոյի կարճ ու խիզախ ելոյթէն ետք, խօսք առած է «Առանց Սահմանի Թղթակիցներ»ու Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժնի գլխաւոր պատասխանատու Եոհան Պիհր, որ նշած է, թէ երբ աշխարհի որեւէ անկիւն լրագրող մը կաշկանդումի կ'ենթարկուի, այդ արարքը կը վերաբերի ամբողջ աշխարհին՝ Չինաստանէն մինչեւ Սաուտական Արաբիա:
Ապա խօսքը փոխանցուած է Տիլէք Տիւնտարին, որու ամուսինը՝ Ճան Տիւնտար, Էրտողանի կողմէ ներկայացուած «պետական գաղտնիքներ բացայայտել»ու յանցանքով ներկայիս ենթակայ է ցկեանս բանտարկութեան վտանգի: Տիլէք ըսած է թէ «Տինքն ալ, Մումճուն ալ լրագրողներ էին, որոնք պարզապէս կը պաշտպանէին ժողովուրդին լուրեր ստանալու իրաւունքը։ Անոնք իրենց գաղափարները յանդգնօրէն կը ներկայացնէին ամէն միջավայրի մէջ, սակայն սպաննուեցան։ Անոնք, որոնք գաղափարները, գիրքերը ռումբեր կը նկատեն, իսկական ռումբի, զէնքի գործածութեամբ բնաջնջեցին զանոնք։ Չանդրադարձան նոյնիսկ, որ կ'ոչնչացնեն երկրին արժէքները։ Բայց անոնք պիտի չյաջողին ոչնչացնել գաղափարները»։ Ան իր ամուսնուն եւ լրագրող՝ Էրտէմ Կիւլի գերի առնուիլը դատապարտեց, հարց տալով, թէ «Արդարադատութի՞ւնը, թէ Հանրապետութեան նախագահին անձնական ոխին վրայ հիմնուած քաղաքական ճնշումը յաղթական դուրս պիտի գայ», նշելով թէ այդ մէկը Եւրոպայի համար պայքար մըն է,«գաղթականներու տագնապ» ենթախորքով:
Այնուհետեւ, Ռաքէլ Տինք ելոյթ ունենալով իր խօսքին մէջ ըսած է, թէ ոգեկոչման նման ձեռնարկները մեր սիրեցեալները առանց կուռքի վերածելու, անոնց ցաւերուն, ուրախութիւններուն մասնակից ըլլալու առիթներ են: «Այսպիսով, թէ՛ կը միանանք անոնց պայքարներուն, թէ ալ... զանոնք աւելի լաւ կը հասկնանք», աւելցնելով թէ «որքա՜ն պիտի ուզէինք կարենալ հպարտանալ մեզ ծնած երկրով։ Պատմութեան ընթացքին այնքա՜ն չբացայայտուած ոճիրներ գործուեցան… այդպիսի ոճիրները այնքա՜ն բազմացած են, որ կ՚ուզենք գոչել՝ կը բաւէ՛»։
Ապա անդրադառնալով հայ իրակաութեան, ան ըսաւ «մենք՝ Հայերս անցեալին մեր ապրածներով, վախերով, պահուտելով, լռելով, սեփական ինքնութիւնը թաքցնելով՝ կեանքի պայքար մղելու ստիպուած էինք»: Ռաքէլ նաեւ շեշտած է, թէ այդ վախը կու գայ անցեալի անցքերէն, եւ թեման շաղկապած է իսլամաց(ու)ած հայերու իսկական ինքնութեան յաջորդաբար բացայայտման պարագաներուն: Ան ըսաւ, թէ այս բոլոր վախերը թրքահայոց մանկութեան վրայ ալ ազդած են եւ պէտք է «կը բաւէ՛» ըսել այդ վախին, նշելով,  որ «Ակօս»ի յայտնութիւնը ատոր «հետեւանք»ներէն մէկն էր: Ըստ Ռաքէլ Տինքի, «Ակօս»ի ստեղծումով հետապնդուած նպատակն էր «իմացնել՝ որ տեղեակ ենք ձեր լուտանքներուն, ըսել՝ որ ատոնք մեզ կը վրդովեն», նաեւ՝ սրբագրել անճիշդ լուրերը: Այնուհետեւ պատմեց Սապիհա Կէօքչէնի (Աթաթիւրքի որդեգրեալ զաւակը՝ հայ որբուհի մը) մասին, նշելով, թէ Հրանդ, հակառակ իր ստացած սպառնալիքներուն, այդ առնչութեամբ, վախցաւ, բայց երբեք չուզեց հրաժարիլ, ետ դառնալ իր ճամբէն: Եւ այդ ճամբէն շարունակելով, փայփայեց միայն մէկ յոյս ՝ Թուրքիոյ ժողովրդավարացումը: Ան իր խօսքի աւարտին նշած է, թէ այսօր 1915ի վերադարձ մը յիշեցնող իրավիճակ կը տիրէ Թուրքիոյ մէջ, շատ կարծր, շատ անհասկնալի լեզու մը կը գործածուի, «Աստուած մեզ օգնական»։
Վերջին խօսք առնողը եղած էր Էօզկիւր Մումճու: Ան ըսած էր, թէ Ճան Տիւնտար կրնար չհրապարակել այդ լուրը եւ մենք ալ կրնայինք երբեք իրազեկ չըլլալ Սուրիոյ մէջ պատահածներուն մասին, բայց անոր հրապարակումով նպատակը արդիւնքի յանգեցաւ, եւ մենք տեղեկացանք։ Ան նշեց, որ բանտարկեալ ընկերները մէկ-մէկ պիտի ազատագրեն եւ ապա պիտի շարունակեն անոնց լուրերը հոնկէ՝ ուր թերաւարտ մնացած էր։ «Ճշմարտութեան եւ սուտին միջեւ պատերազմ կայ եւ բացայայտ է, թէ մենք ո՛ր կողմը կը գտնուինք» եզրակացուց Էօզկիւր Մումճու:
Կարճ երկու տեսերիզներու ցուցադրութենէն ետք, տեղի ունեցած է հարցում-պատասխանի բաժին մը: Յղուած հարցումներուն մէջ գերակշիռ եղած են Թուրքիոյ իրավիճակին նկատմամբ յուսահատութեան արտայայտութիւնները: Ռաքէլ Տինք ներկաներէն մէկուն հարցին պատասխանի ժամանակ յիշած է Հրանդի պատասխանը, Մարսիլիա բնակող իրենց ազգականներուն, որոնք կոչ կ'ընէին զինք հեռանալ Թուրքիայէն,  Հրանդի պատասխանը անոնց եղած էր հետեւեալը. «Մէկը բոլոր ճշմարտութիւնները պէտք է ըսէ։ Պատահածները մոռնալը լուծում չէ։ Պայքարն է, որ կը սնանէ յոյսը»։ Նահատակ լրագրողին հետեւեալ խօսքին յիշատակումով եզրափակեց իր պատասխանը, աւելցնելով՝ «Մենք անոնցմէ չենք, որ պատրաստի դրախտներ կ'երթան։ Մենք պէտք է մնանք ու պայքարինք՝ մեր երկիրը դրախտի վերածելու համար»։