image

Թուրքիոյ առնչուող Wikileaks-ի վերջին գաղտնազերծումներուն մէջ տեղ գտած է Վարդգէս Եղիայեանի անունը

Թուրքիոյ առնչուող Wikileaks-ի վերջին գաղտնազերծումներուն մէջ տեղ գտած է Վարդգէս Եղիայեանի անունը

Թուրքիոյ մէջ 15-16 յուլիսին տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձէն ետք պետական եւ մասնաւոր գաղտնի փաստաթուղթեր գաղտնազերծող միջազգային կազմակերպութիւնը՝  Wikileaks-ը, ի պատասխան Թուրքիոյ մէջ զանգուածային ձերբակալութիւններուն, հրապարակած է Թուրքիոյ իշխող քաղաքական ուժին պատկանող հարիւր հազարաւոր գաղտնի փաստաթուղթեր՝ մօտ 300 հազար ելեկտրոնային նամակներ, որոնցմէ ամենահինը թուագրուած 2010, իսկ վերջինը՝ 2016 թուականի յուլիս 6: Նամակները հասած են յեղաշրջման փորձէն 1 շաբաթ առաջ եւ հրապարակուած անմիջապէս ռազմական իրադարձութիւններէն ետք:  Թուրքիոյ կառավարութիւնը տակաւին չէ մեկնաբանած փաստաթուղթերու հրապարակումը եւ անոնց առնչուող մեկնաբանութիւնները:  Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» (AKP) կուսակցութեան հասցէով ղրկուած նամակներու մէջ մեծ թիւով թղթապանակներ կան, որոնք կ'առընչուին հայութեան ու Հայաստանին: Բացայայտուած փաստաթուղթերուն մէջ կը նշվուի, որ թրքական լոպպինկը համապատասխան պատրաստուածութիւն չէ ունեցած հակառակորդի ազգային կառոյցներու իրականացուցած գործողութիւններուն դիմաց: Փաստաթուղթերու մէջ տեղ գտած է ԱՄՆ բնակող հայ փաստաբան Վարդգէս Եղիայեանի անունը: Կը նշուի նաեւ, որ յատկապէս հասարակութեան հետ կապերու բնագաւառէն ներս օտար, հակառակորդ լոպպիստական ուժերու իրականացուցած գործունէութիւնը` օտար լեզուներով հրատարակուած բազմաթիւ պատմական գիրքեր, ուսումնասիրութիւններ, աշխատութիւններ, վէպեր, պատմուածքներ, թեմատիկ ֆիլմեր, փաստավաւերագրական աշխատութիւններու ասպարէզի մէջ Թուրքիոյ եւ թրքական աշխարհի դէմ ապատեղեկատուական նախաձեռնութիւններ,  մեծ յաջողութիւններ գրանցուած են: Ըստ Wikileaks-ի գաղտնազերծումներու, հակառակորդ համարուող օտար  էթնիք ենթակառոյցներու մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ հայկական սփիւռքը, որուն  թէ՛ հասարակութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ եւ թէ՛ անոր զուգահեռ այլ բնագաւառներէ ներս ծաւալած գործունէութիւնը բաւականին մեծ տարածութիւն կտրած է: Այդ ամէնուն  մէջ առաջինը կ'առանձնացուի հայկական սփիւռքի կողմէ սկսած եւ յաջողութեամբ շարունակուող Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ ապահովագրուածներու փոխհատուցումներու վճարման նախաձեռնութիւնը:

2004-ին ամերիկեան New York Life ընկերութենէն հայերու ստացած 20 միլիոն ամերիկեան  տոլարով առաջին պտուղները տուած գործընթացը շարունակուեցաւ 2007-ին՝ թրքական OYAK  եւ ֆրանսական AXA ընկերութիւններէն վերցուած 14.4 միլիոն ֆրանկով եւ ետքը 2009 թուականին Սապանճըներուն պատկանող AVIVASA-ի գործընկերը հանդիսացող անգլիական AVIVA ընկերութեան դէմ 10.000 հայ դատական հայց ներկայացուցին: Սապանճըներու եւ հետեւաբար Թուրքիոյ ազգային հարստութենէն եւս 40 միլիոն տոլար վերցնելուն նպատակադրուած հայկական խումբերը նպատակ ունին շարունակելու գործընթացը Օսմանեան ժամանակաշրջանին հայերուն ապահովագրական կտրոններ վաճառած շուրջ 28  օտարերկրեայ ապահովագրական ընկերութիւններու հետ: Հայերու այս ծրագիրները ինչպէս կը նշէ Wikileaks-ը, հիմնուելով թրքական նամակագրութեան վրայ,  New York Life ապահովագրական ընկերութեան եւ  AXA/OYAK նախաձեռնութեան ճարտարապետ՝ դոկտոր Վարդգէս Եղիայեանի  կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած է: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այդ առումով 2011 թուականին նոր նախաձեռնութիւններ եղած են: ԱՄՆ-ի Գալիֆորնիա նահանգի Լոս Անճելըսի ֆետերալ դատարանի հայերը նոր դատեր բացած են.

 

1-Ամերիկացիներու կողմէ գործարկուող Ինճիրլիք ռազմակայանի տարածքը անոր սեփականատէրը հանդիսացող 3 հայու վերադարձնել կամ ալ որպէս փոխհատուցում վճարել 100 միլիոն տոլար:

 

2- Զիրաաթ գիւղատնտեսական  դրամատան  եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան դէմ բացուած դատերն ու 1915 թուականէն առաջ հայերու աւանդներու վերադարձը: Վերոնշեալ  դրամատուներու    19 սեպտեմբեր 2011-ին իրականացուցած պաշտպանութիւնը ի վերջոյ 19 դեկտեմբեր  2011-ին   դատարանի կողմէ քննութեան տակ առնուած է, եւ եթէ դատարանի որոշումը կայացուի Թուրքիոյ դէմ, ապա վերոնշեալ դրամատուներու  ԱՄՆ-ու մէջ գտնուող ունեցուածքը պիտի բռնագրաւուի  եւ որպէս փոխհատուցում տրուի հայերուն:

 

3-Եւ  աւարտին  Հայերը աչք դրած են նաեւ Չանքայայի նախագահական նստավայրին: Նախապէս Գասպարեան ընտանիքին պատկանող այս գոյքը նոյնպէս կրնայ դատարանէն ներս դատի առարկայ դառնալ: Թուրքիան ծրագիր դիտողի կարգավիճակի մէջ  յայտնուած է եւ այս զարգացումները ապագային միջազգային դատարաններուն մէջ Թուրքիոյ դէմ կրնան վերածուիլ իրաւական գործընթացի, որ Թուրքիան հիմա չի կարեւորեր եւ ասոր հետ կապուած ո՛չ բլան  A,  ո՛չ ալ բլան B ունի:  Հայերը գոնէ համաշխարհային հանրութեան առջեւ եւ օրինակ  UNESCO-ի պէս կազմակերպութիւններու շրջանակէն ներս մեծ յաջողութիւններ արձանագրած են: Ասոնք հողային, գոյքի փոխհատուցման եւ Թուրքիոյ մէջ հին հայկական շինութիւններու հարցերն են: Այս խնդիրներու շուրջ ալ Թուրքիան ոչ մէկ ծրագիր չունի: Օրինակ UNESCO-ն, հայկական նախաձեռնութիւններէն ետք 1976 թուականին  Ազգային փոքրամասնութիւններու մասին զեկոյցի 32-րդ յօդուածի շրջանակներէն ներս յայտարարած է Թուրքիոյ` ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու որոշ ոտնահարումներու մասին:   Շատերը կ'ուզեն, որ UNESCO-ն որպէս պատմական կառոյցները պահպանող կազմակերպութիւն, Թուրքիոյ մէջ գտնուող պատմական կառոյցները իր հսկողութեան տակ առնէ: Սակայն որպէսզի UNESCO-ն կարենայ իր հսկողութեան տակ առնել, պէտք է հրաւէր ստանայ այն երկրէն, ուր կը գտնուին տուեալ պատմական շինութիւնները: Սակայն  որոշ մասնագէտներ կը նշեն, որ այս հարցին մէջ պէտք է ուշադիր ըլլալ: Թուրքիոյ արեւելեան շրջանը գտնուող հայկական պատմական յուշարձանները կ'ուզենք տեսնել աւելի պաշտպանուած, սակայն անոր ուղղուած գործողութիւնները կարնան մնացած յուշարձաններն ալ վտանգի տակ դնել եւ արագացնել դանոնց կործանման գործընթացը, եթէ թուրքերուն ճնշման ենթարկենք: Այսինքն, այլ կերպ ըսած , UNESCO-ի զեկոյցին մէջ կ'ըսուի, որ  այս խնդրի շուրջ Թուրքիան զգուշացնելը վտանգաւոր է, քանի որ անոր հետեւանքով կրնայ ազգը աւելի թշնամական դառնալ եւ հակառակուելով զգուշացումներուն մնացած քանի մը յուշարձաններն ալ գետնին հաւասարեցնել:

Ըստ Wikileaks-ի մեկնաբանութիւններուն,  Թուրքիան հայկական նախաձեռնութիւնները մանրամասն չուսումնասիրեր եւ այս իրադարձութիւններուն  յաւուր պատշաճի չի պատրաստուիր, քանի դեռ անոնք չեն վերածուած  թէժ  խնդրի:


 

 Հրապարակման պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը