image

Թուրքիան Հայաստան եւ Յունաստան ներխուժելու ծրագիր մշակած է. Jerusalem Post

Թուրքիան Հայաստան եւ Յունաստան ներխուժելու ծրագիր մշակած է. Jerusalem Post

Թուրքիան Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Յունաստանի Հանրապետութիւն ներխուժելու ծրագրեր մշակած է: «Արմենբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտնած է Jerusalem Post-ը՝ վկայակոչելով Nordic Monitor-ի կողմէ հրապարակուած գաղտնի փաստաթուղթերը:

Կ'ենթադրուի, որ ծրագիրները պատրաստուած են Թուրքիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապին կողմէն՝ որպէս անկանխատեսելի հանգամանքներ՝ կապուած Սուրիոյ մէջ իրադարձութիւններու զարգացման, զօրքերու տեղաշարժման ժամանակ արեւմտեան ճակատին յարձակողական եւ զսպող հնարաւորութիւններու պահպանման հետ:

«Թրքական զինուած ուժերու գործողութիւններու ծրագրման հրահանգ» գրութիւնը թուագրուած է 13 յունիս 2014: Nordic Monitor-ի զեկոյցի համաձայն, սա կը խօսի այն մասին, որ ծրագիրը, ամենայն հաւանականութեամբ, թարմացուած եւ լրամշակուած է որոշ վաղ նախագիծերու քննարկումէն ետք, եւ, որ ծրագիրը դեռ կրնայ աշխոյժ ըլլալ:

Փաստաթուղթին մէջ ներառուած են նաեւ Հայաստան ներխուժման ծրագրերը: Տուեալ պարագային գործողութիւնը կը կոչուէր «TSK Altay Harekât Planlama Direktifi», որ թուագրուած էր 15 օգոստոս 2000-ով։

Փաստաթուղթերու փոխանակումը իրականացուած է գլխաւոր շտապի բարձրագոյն հրամանատարներու կողմէ պաշտպանուած ներքին ելեկտրոնային նամակի միջոցով, կը հաղորդէ լրատուականը: Անոնք, հաւանաբար, պատահաբար արտահոսած են Անգարայի մէջ քննուող դատական գործի շրջանակներէն ներս, որ դատախազ Սերտար Քոշքունը դատարանին ներկայացուցած է 2016 թուականի յուլիսին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի դէմ ձախողած ռազմական յեղաշրջման հետաքննութեան շրջանակներէն ներս: Գլխաւոր շտապի բոլոր ելեկտրոնային նամակները յեղաշրջումէն երկու ամիս առաջ առգրաւուած են դատախազութեան կողմէ։

Գլխաւոր շտապը խուճապի մատնուած է գաղտնի փաստաթուղթերու հնարաւոր արտահոսքի պատճառով եւ դատարանին կոչ ըրած է թոյլ տալ փաստաթուղթերու ստուգումը մինչեւ զանոնք ներկայացնելը: Սակայն, ըստ ամենայնի, դատախազները անտեսած են այդ մտավախութիւնները: