image

Թուրքիան դէմ է Արցախի հանրաքուէին եւ պիտի չճանչնայ անոր արդիւնքները. Թուրքիոյ ԱԳՆ

Թուրքիան դէմ է Արցախի հանրաքուէին եւ պիտի չճանչնայ անոր արդիւնքները. Թուրքիոյ ԱԳՆ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) գրաւոր յայտարարութիւն տարածած է, ուր կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն ներս 20 փետրուարին կայանալիք սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն:

Թրքական «Milliyet» թերթի կայքի տեղեկացմամբ, յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ Թուրքիան պիտի չճանչնայ այդ հանրաքուէի արդիւնքները:

«Այն վնաս կը հասցնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ մնայուն լուծում գտնելու համար գործադրուող ջանքերուն: Մեր երկիրը կը դատապարտէ այդ գործողութիւնը, որ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նոր խախտում է: Թուրքիան չի ճանչնար այդ հանրաքուէն եւ անոր արդիւնքները»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի ազրպէյճանամէտ յայտարարութեան համաձայն, Արցախի մէջ կատարուելիք սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն կը հակասէ միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն, ՄԱԿ-ի անվտանգութըան խորհուրդի որոշումներուն եւ ԵԱՀԿ-ի սկզբունքներուն: