Թուրքիոյ պատկան մարմիններ որոշում մը հրապարակելով յայտարարած են, թէ երկրի 3614 քաղաքացիներ, որոնք օրերս Թուրքիա պիտի ժամանեն (շատ հաւանաբար Իսթանպուլ) տնային մեկուսացման պիտի ենթարկուին։
Այս մասին նաեւ նշում կատարած է Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մէւլուտ Չաւուշօղլուն, որ թեմային անդրադառնալով յայտնած է, թէ պետութեան կողմէ ձեռք առնուած այս քայլերը կ՚իրականացուին «Քորոնա» վարակին դէմ ձեռք առնուած պայքարի միջոցներու շրջանակներուն մէջ։
Յիշեցնենք, որ աւելի քան 70 միլիոն բնակչութիւն հաշուող Թուրքիոյ մէջ «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասած է 47 -ի, բան մը, որ բաւական մեծ հարցադրումներ ստեղծած է Թուրքիոյ հարցերուն մօտէն հետեւող վերլուծաբաններուն համար։