image

Թուրքիա «պարենային» նաւ մը պիտի ուղղարկէ Քաթար

Թուրքիա  «պարենային»  նաւ մը պիտի ուղղարկէ   Քաթար

Թրքական  աղբիւրներ  կը հաղորդեն,  որ  Իզմիր նահանգի Ալիագա նաւահանգիստի մէջ սկսած է  դէպի Քաթար  ուղղարկուելիք  «պարենային» նաւու մը պատրաստութիւնը:

Նշենք, որ այս  երկրորդ թրքական նաւն է,  որ պիտի մեկնի Քաթար:

 

 Սէուատական  Արաբիոյ   եւ անոր դաշնակիցներուն կողմէ Տոհայի նկատմամբ  պատժամիջոցներ սահմանուելէն ետք,  Անգարա որոշած է օգնել Քաթարին՝ յաղթահարելու պարենային ճգնաժամի սպառնալիքները: 

 

9.5 թոն  պարենային ապրանքներով երկրորդ նաւը պիտի մեկնի  այսօր ՝16 օգոստոսին։

 

Դիւանագիտական այս իրավիճակը Քաթարի դէմ ծագած է 5 յունիսին,  երբ Սէուտական Արաբիա եւ  անոր դաշնակից երկիրները , էմիութիւնը  մեղադրած են ահաբեկչական խմբաւորումներու նեցուկ կանգնելու մէջ, մինչ  տարբեր վերլուծողներ կը հաւատան, որ Քաթարի դէմ եղած  կեցուածքը կապ ունի    Թամիմ իշխանը     վարած արտաքին քաղաքականութեան եւ յատկապէս  Թեհրանի  նկատմամբ անոր ունեցած դրական  կեցուածքներուն  պատճառով: