image

Թուրքիա Լրագրողներու Համար Աշխարհի Ամէնէն Վտանգաւոր 5-րդ Երկիր

Թուրքիա  Լրագրողներու Համար    Աշխարհի Ամէնէն  Վտանգաւոր  5-րդ Երկիր

Թուրքիա- («Թուտէյզ Զաման»- Պոլիս)- Նիւ Եորքի մէջ գործող  «Լրագրողներու Պաշտպանութեան կոմիտէ»ի (CPJ) կողմէ  հրապարակուող աշխարհի ամենաշատ լրագրողներ բանտարկող երիրներու ցանկին մէջ այս տարի Թուրքիա գրաւած է  5-րդ դիրքը, Չինաստանէն, Եգիպտոսէն, Իրանէն եւ Էրիթէրիայն ետք, այս մասին կը գրէ «Թուտէյզ Զաման»ը:  Թերթը  կը նշէ նաեւ, որ զեկոյցի մէջ յատուկ մտավախութիւն արտայայտուած է Թուրքիոյ վերաբերեալ, որովհետեւ համեմատած 2014 տարուան բանտարկեալ լրագրողներու թիւին, 1 Դեկտեմբեր 2015-ին  անոնց թիւը կրկնապատկուած է: Թերթը կը նշէ նաեւ, որ ամենավերջին բանտարկեալները եղած են «Ժումհուրիյէթ»  օրաթերթի աւագ աշխատակիցներ՝ Ճան Տիւնտար եւ Էրտէմ Կիւլ, որոնք    դատուած ու  բանատրկուած էին   Թուրքիոյ նախագահը անարգող խօսքերով հանդէս գալու մեղադրանքով:«Զաման»ը կը հաղորդէ նաեւ, որ Թուրքիա երկու տարի անընդմէջ հանդէս գալով որպէս ամենաշատ լրագրողներ բանտարկող երկիրը, 2014-ին ազատ արձակած էր քանի մը տասնեակ լրագրողներ , սակայն 2015-ին երկու համապետական ընտրութիւններու լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ առաւել ներգրաւուելով Սուրիոյ պատերազմին մէջ, եւ PKK-ի հետ հակամարտութիւններու սրումի պատճառով գործադրած էր նոր ձերբակալումներ, որոնք  կարգին   եղած են ձախակողմեան թեքումով  եւ քրտամէտ լրագրողներ:Զեկոյցի մէջ նշուած է, որ առաջին տեղը գրաւող Չինաստանը ունի 49 բանտարկեալ լրագրողներ, այնուհետեւ Եգիպտոսը՝ 23, ապա Իրանը՝ 19 եւ Արիթերիան՝ 17, իսկ 2015-ին ընդհանուր բանտարկեալ լրագրողերու թիւը աշխարհի մէջ  կազմած է 199: