image

Թուրքիա Աֆրինի մէջ կ'օգտագործէ իր հզօրագոյն հրասայլերը

Թուրքիա Աֆրինի մէջ կ'օգտագործէ իր հզօրագոյն հրասայլերը

Թուրքիա Աֆրինի մէջ քրտական ուժերուն դէմ իրագործած իր ռազմական գործողութիւններու ընթացքին իր հզօրագոյն հրասայլերը կ'օգտագործէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը

Կայքին փոխանցմամբ, թրքական ուժերը կիռարած են ամերիկեան արտադրութեան 203մմ «M110A2» տիպի հրասայլեր, որոնցմէ արձակուած հրթիռները 92քկ կը կշռեն, եւ մինչեւ 23քմ հեռաւորութեան վրայ կրնան արձակուիլ:

Հրասայլի երկարութիւնը աւելի քան 10 մեթր է, իսկ շարժիչի հզօրութիւնը՝ 405 ձիաուժ: