«The Jerusalem Post»ը կը գրէ. Ըստ «12-րդ ալիք»ի հրապարակուած տեսանիւթին, կը պարզուի, թէ ատրպէյճանական ոյժերը իսրայէլական «LORA» տիպի հրթիռը կ'օգտագործեն Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ հայկական ոյժերուն դէմ մարտերու ընթացքին: Հրապարակուած տեսանիւթիւն մէջ կ'երեւի թէ ինչպէս հրթիռը յանկարծ կը հարուածէ հայկական կոմղը գտնուող կամուրջ մը:
«LORA» (Long range attack) – հրթիռը իսրայէլեան (Israel Aerospace Industries [IAI]) ընկերութեան արտադրութիւնն է, որ պալիստթական հրթիռ կը համարուի: Ան կարող է գործածուիլ նաւէն կամ ցամաքէն, 400 քմ գործառանական գործողութեամբ:
Ատրպէյճանը Իսրայէլի յայտնի դաշնակից է, որ հրէական պետութեան կը մատակարարէ անոր նաւթի կարիքներուն շուրջ 40 տոկոսը: