image

Թուրք պատգամաւորը որպէս հզօր սփիւռքի օրինակ նշած է Հայկական սփիւռքը

Թուրք պատգամաւորը որպէս հզօր սփիւռքի օրինակ նշած  է Հայկական սփիւռքը

Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP) պատգամաւոր Մուսթաֆա Եէնէրօղլուն Պուրսա քաղաքի մէջ ներկայացուցած է Թուրքիա-թրքական սփիւռք խնդիրները: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Dunyabulteni» լրատուական կայքը:

«Գաղթականի ընկալումէն դէպի Սփիւռք. արտերկրի մէջ բնակող թուրքերու քաղաքականութիւնը» խորագրով հանդիպման ժամանակ Եէնէրօղլուն խօսած է համայնքներու եւ իրենց հայրենի երկրի վրայ անոնց ազդեցութեան մասին: Անոր կարծիքով, ժամանակակից աշխարհի մէջ, ուր սահմանները աստիճանաբար կը կորցնեն իրենց նշանակութիւնը, իսկ մարդիկ աւելի հեշտութեամբ ու յաճախակիութեամբ կը փոխեն իրենց բնակութեան վայրը, անկասկած ամենակարեւոր ուժերէն մէկը սփիւռքը դարձած է:

«Սխալ չըլլար, եթէ սփիւռքը դիտարկենք որպէս երկիրը առաջ մղող, երբեմն ալ երկրի տնտեսութիւնը փրկող, հայրենիքը ուղղորդող, քաղաքականութիւնը որոշող ուժ»:

Ըստ Եէնէրօղլուի՝ այդպիսի սփիւռքի յաջողած օրինակ է հայկական սփիւռքը: Բանախօսի խօսքերով, հայկական սփիւռքը իր պետութենէն աւելի հզօր է եւ այդպիսով՝ Հայաստանի քաղաքականութեան վրայ որոշիչ ազդեցութիւն ունի: Որպէս յաջողած սփիւռքի օրինակ, ան նշած է նաեւ հրէական սփիւռքը:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ եւ թրքական սփիւռքին՝ եէնէրօղլուն դժգոհած է, որ Թուրքիան չ'օգտագործեր երկրէն դուրս բնակող թուրքերու ներուժը, աւելին անոնց նոյնիսկ որպէս սպառնալիք կ'ընկալէ: Սակայն, ըստ անոր, արդէն սկսած են հասկնալ սփիւռքի դերն ու կարեւորութիւնը: