Անկախ քաղաքական գործիչ, պահպանողական, սահմանադրական իրաւունքի փրոֆեսոր Քայս Սայիտը յաղթած է Թունիսի նախագահական ընտրութիւններուն, կը հաղորդէ Թունիսի Mosaiqe FM ռատիոկայանը:
Ռատիոկայանի տուեալներով՝ Սայիտը հաւաքած է ձայներու աւելի քան 72 տոկոսը: Երկրորդ փուլին անոր մրցակիցը՝ «Քալըպ Թունիս» (Թունիսի սիրտ) կուսակցութեան առաջնորդ Նապիլ Ալ-Քարուին հաւաքած է ընտրողներու ձայներու շուրջ 27,5 տոկոսը: