image

Թունէսի Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Կը Շարունակուի

Թունէսի  Մէջ  Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը  Կը Շարունակուի

ԹՈՒՆԷՍ- («Ալ-Հայաթ»-Պէյրութ)- Ահաբեկչութեան դէմ պայքարող մարմիններու հետաքննութիւնները  բացայայտած են, որ նախորդ Երեքշաբթի օր նախագահական անվտանգութեան հանրակառքը պայթեցնելու նպատակով  անձնսապանութիւն գործող Ապու Ապտալլա Ալ-Թունիսիի, որու բուն անունը Հուսամ Ալ-Ապտալլա  է, օգտագործած պայթուցիկներու աղբիւրը լիպիական հողերն են: Թունէսի ներքին գործոց նախարար Մուհամմատ Նաժէմ Ալ-Ղարսալի երեկ հերքեց այն հաղորդագրութիւնները, ուր կ'ըսուին, թէ անձնասպանութիւն գործող 27 տարեկան ահաբեկիչը կը պատկանէր անվտանգութեան    մարմնին` հաստատելով,  որ ան  ընդամէնը թափառական վաճառող մըն էր:«Տահէշ»ի կողմէ ահաբեկչական գործողութեան որդեգրումէն յետոյ, որուն զոհ գացին 12 մեռեալ, Թունէսի ազգային անվտանգութեան խորհուրդը որոշեց հրատապ գործողութիւններ ձեռնարկել «թէժ կէտերէն» (Սուրիա, Իրաք, Լիբանան) վերադարձողներուն դէմ ՝ արտակարգ դրութեան օրէնքի ծիրէն ներս եւ առաւել խստացնել անվտանգութեան հսկողութիւնը, բոլոր ահաբեկչութեան մէջ կասկածեալներուն շուրջ: Ան, ընդարձակելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրը, արգելափակեց նաեւ այն կայքէջերն ու   ընկերային  ցանցերը, որտեղ ահաբեկչութեան  քարոզչութիւն  կը տարածուի: Այս որոշումներուն զուգահեռ տեղի ունեցած են  զանգուածային ձերբակալութուններ, խուզարկուած են  526 վայրեր եւ ձերբակալուած 30 կասկածեալ: Այս ուղղութեամբ Թունէսի վարչապետ Հապիպ Ալ-Սայտ նշած է, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու պատկանող 2600   անձ  ձերբակալուած է, բացայատուած են 12 ահաբեկչութեան ֆինանսաւորող ցանցեր եւ Սուրիոյ կռուելու երիտասարդ  ուղարկող 57 ցանցեր: