image
Հրատապ լուրեր:

«ԹՈՒՄՈ» Իր Ծրագիրները Պիտի Ներկայացնէ Նաեւ Պոլսոյ Մէջ

«ԹՈՒՄՈ»  Իր Ծրագիրները   Պիտի Ներկայացնէ Նաեւ Պոլսոյ Մէջ

Հայաստանի մէջ գործող «ԹՈՒՄՈ»   արդի ճարտարարուեստի      կեդրոնը  իր ծրագիրները պիտի ներկայացնէ նաեւ Պոլսոյ մէջ:  «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ հիմնարկի տնօրէն  Մարի Լու Փափազեան     յառաջիկային     Պոլսոյ  հանրութեան   տեղեկութիւններ պիտի տայ «ԹՈՒՄՈ»ի  գործունէութեան մասին:  Կը  հաղորդուի, որ նախատեսուած  հանդիպումը պիտի կայացուի  Պոլսոյ Ֆէրիգիւղի Եկեղեցւոյ  «Շիրինօղլու» սրահին մէջ՝ յառաջիկայ   26  Փետրուարին: