image

Թրքական Hurriyet Daily News-ը Գրած Է Լեւոն Էքմէքճեանի Աճիւններու Փոխադրման Մասին

Թրքական  Hurriyet Daily News-ը  Գրած Է   Լեւոն Էքմէքճեանի Աճիւններու Փոխադրման Մասին

 Թուրքիա («Հիւրրիէթ Տէյլի» - Պոլիս) ASALA-ի   (Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակ) անդամ՝ Լեւոն Էքմէքճեանի աճիւնները , որ Թուրքիոյ մէջ 1983-ին մահապատժի ենթարկուած էր, իր ընտանիքի կոչով  տեղափոխուեցան  Ֆրանսա:Այս  մասին կը գրէ, Պոլիս հրապարակուող «Հիւրրիյէթ- Տէյլի»  պարբերականը յայտնելով նաեւ, որ  անոր ընտանիքը յայտնած է իր կամքը Էքմէքճեանի   աճիւնները ստանձնելու, որպէսզի ըստ կրօնական աւանդոյթին կատարէ անոր թաղման կարգը: Անոնք դիմած էին Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան Էրէն Քէսքին փաստաբանին  միջոցաւ: Էքմէքճեանի գերեզմանը որոշ ժամանակ ետք յայտնաբերուած է՝ Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Ճեպեճի գերեզմանատան մէջ, ինչն  ալ հաստատեցաւ նախարարութեան կողմէ 2015-ի Դեկտեմբերի վերջերը:Էքմէքճեանի գերեզմանը բացուեցաւ անցեալ շաբաթ, ապա օդանաւով մը  աճիւնները ուղարկուեցան  Ֆրանսա:Էքմէքճեան ԱՍԱԼԱ-ի երկու անդամներէն մէկն էր, որոնք ռումբով ու կրակոցներով յարձակած էին Անգարայի Էսենպողա օդակայանին վրայ 1982-ի Օգոստոսին: Էքմէքճեանի գործակից Զօհրապ Սարգիսեանն ու այլ եօթ անձեր սպաննուեցան, փրկուեցաւ միայն 24-ամեայ լիբանանահայ քաղաքացի մը:

Էքմէքճեան դատապարտուեցաւ մահապատժի՝ Թուրքիոյ ռազմական վարչակարգի կողմէ 1982-ի Սեպտեմբերին, որմէ ետք, 1983-ի Յունուարին         Անգարայի Ուլուճանլար բանտէն ներս գործադրուեցաւ անոր մահապատիժը:

 Ըստ  թրքական աղբիւրին 1970-ականներէն սկսեալ ԱՍԱԼԱ-ն զինուած քարոզարշաւ ձեռնարկեց ընդդէմ ողջ աշխարհի թրքական թիրախներուն, որպէսզի պարտադրէ թրքական կառավարութեան որ հրապարակաւ ճանչնայ իր պատասխանատուութիւնը 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ փոխհատուցում վճարէ եւ հողային տարածքներ զիջի  հայերուն: