Թրքական Hurriyet գրած է, որ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլու անդրադարձած է Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած պայմանաւորուածութեան, յոյս յայտնելով, որ Հայաստան չի խախտեր հրադադարը։
Չաւուշօղլուն նշած է, թէ այդ պայմանաւորուածութեան հետեւանքով վերջապէս Թուրքիան կրնայ յարաբերութիւններ կարգաւորել Հայաստանի հետ։ «Հայաստանը եւ Հայաստանի ժողովուրդը այդ կարգաւորումէն միայն կը շահին», -ըսած է Չաւուշօղլուն։