image

Թրամբ նպատակ ունի խօսիլ հիւսիսային Քորէայի առաջնորդին հետ

Թրամբ նպատակ ունի խօսիլ հիւսիսային Քորէայի առաջնորդին հետ

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ չի բացառեր, որ կը փորձէ հաղորդսկցիլ հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Չեն Ընի հետ՝ կապուած վերջինիս առողջական վիճակի վատթարացման մասին տեղեկութիւններուն: Այս մասին կը յայտնէ ТАСС-ը՝ յղում տալով Սպիտակ տան լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ Թամբի ելոյթին:

ԱՄՆ նախագահին յիշեցուցած են, որ ան ոչ վաղ անցեալին «պարբերաբար հաղորդակցած է» Քիմ Չեն Ընի հետ: Այս առնչութեամբ Թրամբէն հետաքրքրուած են, թէ մտադիր է արդեօք ան կապի հաստատել հիւսիսային Քորէայի առաջնորդին հետ: 

«Հնարաւոր է… Ես յոյս ունիմ, որ իր հետ ամէն ինչ լաւ է: Քիմ Չեն Ընի հետ ես շատ լաւ յարաբերութիւններ ունիմ: Եւ այդ մէկը երկրին օգուտ է: Այդ մէկը լաւ է, եւ ոչ թէ վատ: Եւ ես կ'ուզէի, որ իր հետ ամէն ինչ լաւ ըլլայ»,- ըսած է Թրամբ:

Միեւնոյն ժամանակ ան կրկնած է, թէ չի գիտեր՝ արդեօք Ընի առողջական վիճակի վատթարացման վերաբերեալ տեղեկութիւններն իրականութեան կը համապատասխանեն, թէ ոչ: