ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը հեռախօսազրոյց ունեցած են, որուն ընթացքին երկուստեք մտահոգութիւն յայտնուած է Միջերկրական ծովի արեւելեան հատուածին մէջ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ լարուածութեան աճի առնչութեամբ, կը հաղորդէ ТАСС-ը:
Աւելի վաղ Ֆրանսան կոչ ըրած էր Թուրքիոյ դադարեցնելու Միջերկրական ծովի արեւելեան հատուածին մէջ նաւթի պաշարներու միակողմանի որոնողական աշխատանքներն ու յայտարարել այնտեղ իր ռազմական ներկայութիւնը զօրացնելու մասին: