image

Թէժ կէտերէն ահաբեկիչներու վերադարձի հարցը Թունիսի խորհրդարանէն ներս տարակարծութիւն կ'առաջացնէ

Թէժ կէտերէն ահաբեկիչներու վերադարձի հարցը Թունիսի խորհրդարանէն ներս տարակարծութիւն կ'առաջացնէ

Թունիսի խորհրդարանի երէկուան նիստի ընթացքին քննարկուած «Թէժ կէտերէն վերադարձող ահաբեկիչներ»ու հարցը պատգամաւորները բաժնած է երկու խումբի: Անոնց մէկ մասը համարած է, որ անոնք պէտք չէ երկիր վերադառնան, մինչ միւս մասը յայտնած է, որ «սահմանադրութիւնը չ'արգիլեր թունիսցիներու երկիր վերադարձը»:

Նիստի ընթացքին, Թունիսի նախագահի հիմնադրած «Թունիսի կանչը» կուսակցութեան անդամները պաստառներ վերցուցած են՝ «Ո'չ ահաբեկիչներու վերադարձին» մակագրութեամբ, իսկ ժողովրդական ճակատի ներկայացուցիչ պատգամաւոր Մանճի Ալ Ռահուի պահանջած է ընդառաջել «Ո'չ ահաբեկիչներու վերադարձին» կոչին՝ արգիլելու համար Թունիսը քանդելու նպատակով ժամանած ահաբեկիչներու վերադարձը, այնպէս, ինչպէս քանդեցին Սուրիան, Լիպիան ու Իրաքը»:

Միւս կողմէ «Ալ Նահտա» խմբաւորման ներկայցուցիչ պատգամաւոր Ռամզի Պին Ֆարաճ յայտնած է, որ «Ահաբեկիչները թունիսցի են, եւ ոչ մէկ օրէնք կը սահմանափակէ անոնց վերադարձը երկիր»:

Յիշենք, որ անցեալ Շաբաթ օր հարիւրաւոր թունիսցիներ համախմբուելով Թունիսի խորհրդարանին դիմաց պահանջած էին արգիլել ահաբեկիչներու վերադարձը:

Ըստ Թունիսի Ներքին Գործոց նախարար Ալ Հատի Ալ Մաճտուպի, թէժ կէտերէն երկիր վերադարձող  ահաբեկիչներու թիւը գերազանցած է 800-ը:

Թունիսի սահմանադրութեան 25-րդ յօդուածին համաձայն, «Օրէնքը կ'արգիլէ ոեւէ քաղաքացիի քաղաքացութենէ զրկելը, օտարացնելը, այլ երկիրներու յանձնելն ու դէպի երկիր վերադարձը խանգարելը»: