Անգլիական «The Guardian» թերթը իր կայքին մէջ հարցադրում սկսած է` պարզելու համար, թէ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակը ինչպիսի ազդեցութիւն կ'ունենայ հասարակութեան վրայ:
Գլխաւորապէս թրքական լսարանին ուղղուած «Հիմա ի՞նչ կը զգաք, երբ Թուրքիոյ մէջ կ'ապրիք» խորագրով հարցաթերթիկին կցուած գրութեան մէջ կ'ըսուի. «Թուրքիան, որ ժամանակին աշխարհիկ ժողովրդավարութեամբ օրինակ կը ծառայէր իսլամական երկիրներուն, այժմ լրագրողներու համար դարձած է աշխարհի ամենամեծ բանտը»:
Թերթը յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ շարքային քաղաքացիները կը կալանաւորուին ընկերային ցանցերուն վրայ իշխանութիւններուն քննադատելու համար` աւելցնելով, որ ԱՄՆ-ի, Անգլիոյ եւ Ռուսաստանի առաջնոդներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ պահող Էրտողանը նպատակ ունի նախագահական համակարգի անցման վերաբերեալ հանրաքուէի միջոցաւ աւելցնել իր սահմանադրական լիազօրութիւնները:
Թերթը հարցաթերթիկին մէջ Թուրքիա բնակող ընթերցողներուն կը հարցնէ, թէ ինչպէս կ'ազդէ այս իրավիճակը իրենց վրայ. ինչպէ՞ս կ'ազդէ խօսքի ազատութեան սահմանափակումները անոնց առօրեայ կեանքին վրայ, ե՞րբ առաջին անգամ զգացած են, որ ետքայլ կ'ընեն խօսքի ազատութեան տեսանկիւնէ, արդեօք կը զգա՞ն իրենց խօսքերուն առաջուընէ աւելի շատ ուշադիր ըլլալու կարիք եւ այլն:
Ստացուած պատասխաններուն հիման վրայ յօդուած պիտի հրապարակուի` Թուրքիոյ մէջ խոօսքի ազաատութեան վիճակին նուիրուած: