Կիրակի, 14 Փետրուարին, Տեառնընդառաջի տօնին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այցելած է Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքին եւ նախագահած անոր նշանակեալ հոգեւոր հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի անդրանիկ Ս. պատարագին: Հայր սուրբի քարոզէն առաջ խօսք առնելով՝ սրբազանը շնորհաւորած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքը, նոր հոգեւոր հովիւով մը օժտուած ըլլալուն համար: Առաջնորդը հաւատացեալներուն ծանոթացուցած եւ խօսած է երիտասարդ հոգեւոր հովիւի մասին: Ան նաեւ կոչ ուղղած է համայնքի զաւակներուն, որ զօրավիգ կանգնին նոր հոգեւոր հովիւին եւ միասնաբար ծխական համայնքը տանին դէպի նոր նուաճումներ:
Ապա, խօսք առնելով պատարագիչ հայր սուրբը, իր նոր առաքելութեան համար երախտագիտութեան խօսք ուղղած է վեհափառին ու շնորհակալութիւն յայտնած առաջնորդին, ապա փոխանցած է տօնական օրուան՝ Յիսուս մանուկի տաճար ընծայման խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը: Ան անդրադարձած է տօնին կապուած աւանդութեանց՝ նշելով, որ այս տօնին, նորածին մանուկները Աստուծոյ կ'ընծայաբերուին, ինչպէս Աստուածորդւոյն երկրաւոր ծնողները զայն ընծայաբերեցին Աստուծոյ: Այս տօնին կապուած է նաեւ խարոյկ վառելու աւանդութիւնը, որ կ՛արտայայտէ հաւատացեալներու կեանքն ու աշխարհը Քրիստոսի լոյսով լուսաւորելու խորհուրդը:
Պատարագէն ետք, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան, «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցած է ճաշի հիւրասիրութիւն, ուր հրաւիրուած էին բոլոր ներկաները:
Նիւթի աղբիւր՝ Ասպարէզ