Թուրքիոյ մէջ սկսած է քրտամէտ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) համանախագահ Սալահէլտին Տէմիրթաշի դատաւարութիւնը: Թրքական «Haberler» լրատուական կայքի տեղեկացմամբ՝ դատախազը Տէմիրթաշի համար պահանջած է 142 տարուայ ազատազրկման ժամկէտով պատժաչափ:
Տեմէրթաշը դատական նիստին ներկայ չէ եղած, տեսակապի միջոցով միացած է Էտիրնէի բանտէն:
Տէմիրթաշ իր պաշտպանական ճառին մէջ նշած է. «Մենք նոյնիսկ բարկացած չենք, այն մարդոց վրայ, որոնք մեր դէմ այսպիսի բաներ կ'ընեն: Քաղաքականութիւնը համբերատարութիւն կը պահանջէ: Գիտենք, որ այս օրերն ալ կ'անցնին: Չէի ուզեր նոյնիսկ մեր նկատմամբ կալանաւորման որոշում կայացուցած դատաւորի տեղը ըլլալ, քանի որ կամ ան պէտք է ձերբակալուէր, կամ մենք»:
Յիշեցնենք, որ 2016-ի նոյեմբերի սկիզբը ձերբակալուած էին HDP-ի 11 պատգամաւոր, այդ թուին կուսակցութեան համանախագահներ՝ Սալահէլտին Տէմիրթաշ եւ Ֆիկէն Եուքսէքտաղ: