image

Ճոն Հեֆըրն Եւրասիոյ հարցերով ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի օգնական պիտի նշանակուի

Ճոն Հեֆըրն Եւրասիոյ հարցերով ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի օգնական պիտի նշանակուի

2011-2014 թուականներուն, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը զբաղեցուցած Ճոն Հեֆըրն պիտի նշանակուի Եւրոպայի ու Եւրասիոյ հարցերով ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի օգնական:

Ինչպէս նշուած է Պետական քարտուղարութեան կայքին մէջ, այս պահուն Հեֆըրն արտաքին գործոց նախարարի օգնականի պաշտօնակատար է:

Ճոն Հեֆըրն պիտի փոխարինէ Վիքթորիա Նուլընտը եւ պիտի դառնայ մէկը այն առանցքային պաշտօնեաներէն, որոնք պատասխանատու են Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ տարածաշրջաններին մէջ, ներառեալ Հարաւային Կովկասի մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան մշակման եւ իրականացման համար:

2015 թուականի Օգոստոսէն Ճոն Հեֆըրն կը կատարէր ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի գլխաւոր տեղակալի պարտականութիւնները: