Ամերիկեան The New York Times թերթը յայտնած է, որ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման օտարերկրացի զինեալներ իրենց ընտանիքներով յաջողած են փախուստ տալ Սուրիայէն:
Թերթին փոխանցմամբ, զինեալներու մեծ մասը տեղափոխուած է Սուրիոյ հարաւային շրջաններ, ուրիշներ Դամասկոսի մօտակայքը կամ երկրի հիւսիս-արեւմտեան շրջանները հաստատուած են, սպասելով «Տահէշ»ի ղեկավարներու հրամաններուն, զորս կը ստանան գաղտնի միջոցներով:
Թերթը նշած է նաեւ, որ զինեալներէն անոնք, որոնք մեծ փորձ եւ քիմիական զէնքեր օգտագործելու ունակութիւն ունին, միացած են Սուրիոյ մէջ գործող «Ալ Քաիտէ»ի շարքերուն, իսկ ուրիշներ տասնեակ հազար տոլարներ կը վճարեն, որպէսզի ապօրինի ճամբով հատեն Թուրքիան ու հասնին իրենց երիրները: