image

Տահէշ մտադիր է հարուածել Եւրոպան. Al Diar

Տահէշ   մտադիր է    հարուածել Եւրոպան. Al Diar

 Լիբանան- («Ալ Տիար»- Պէյրութ)  Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը մտադիր է     գործողութիւններ կատարել Եւրոպական  քաղաքներու մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ լիբանանեան  «Ալ Տիար»  օրաթերթը: Թերթը  նաեւ կը գրէ, որ  սուրիական տարբեր շրջաններու մէջ հարուածներ ստացած  Տահէշի զինեալներ      թափանցած են Եւրոպա եւ    յառաջիկայ հանգրուանին մտադիր են    տարբեր քաղաքներու մէջ ահաբեկչական    գործողութիւններ կատարել: Աղբիւրին ունեցած տուեալներուն համաձայն Տահէշ  նոյնպէս ստեղծած է  «լիբանանեան  թիրախներ»ու   յատուկ գրասենեակ մը, ուր կը  քննարկուին Պէյրութի մէջ   ահաբեկչական  ցնցիչ գործողութիւններ  կատարելու  հաւանական ընտրանքները: