Սուրիոյ նախագահ Ասատ յայտարարած է, որ ներկայիս տեղի ունեցող երկխօսութիւններէն ոչ մէկը որեւէ արդիւնք պիտի տայ, եւ Սուրիոյ պատերազմը պիտի շարունակուի այնքան ժամանակ, մինչեւ Սուրիոյ վարչակարգին դէմ պայքարող ամենավերջին ծայրայեղական զինեալի ոչնչացումը:
«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Ասատ այս մասին բարձրաձայնած է Լիբանանէն ժամանած իր հիւրերուն ներկայութեամբ, աւելցնելով, որ նոր սահամնադրութեան հաստատումն ու նոր կառավարութեան նշանակումը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւնները նոյնպէս պայմանաւորուած են պատերազմի աւարտով:
Ասատ շեշտած է, որ ներկայիս Սուրիոյ կառավարութիւնն ու բանակը շատ լաւ վիճակի մէջ են, մինչդեւ Թուրքիա կը շարունակէ քրտական ուժերուն դէմ պայքարին, իսկ Սուրիոյ հիւսիային շրջաններուն մէջ ԱՄՆ ուժերու գոյութիւնն անիմաստ է: Ինչ կը վերաբերի ռուսական ուժերուն, անոնք Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ երկու ռազմակայաններ ստացան, փոխարէնը պարտաւորուելով Ասատի կառավարած պետութիւնը պաշտպանել: